Հալէպահայութիւնը Նշեց Ծաղկազարդը եւ Աղօթեց Սուրիոյ Խաղաղութեան Համար


 

Այսօր, 13 Ապրիլ 2014-ին, հալէպահայութիւնը պատշաճ շուքով, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ եւ հանդիսաւոր Ս. պատարագի մատուցմամբ նշեց Ծաղկազարդի տօնը, խաղաղութիւն մաղթելով սուրիական հայրենիքին, ապահովութիւն ու համբերութիւն՝ Սուրիոյ տագնապահար ժողովուրդին։

Մարդիկ թէեւ սովորական իրենց ցնծութիւնը չունէին այս տարի, որովհետեւ երկրի տագնապն ու օրական արձանագրուող մարդկային զոհերն ու նահատակները համարեա խլած էին Սուրիոյ տագնապի արհաւիրքը ապրող ժողովուրդին երբեմնի խանդավառութիւնը, սակայն հաւատքը կը շարունակէր ապրիլ իւրաքանչիւրին սրտին մէջ։

Հալէպի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած հոծ բազմութիւնը բացօդեայ շրջափակին մէջ չխճողելու ապահովական նկատառումներով, հաւատացեալներուն համար յատուկ պաստառ մը զետեղուեցաւ եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, որպէսզի ներկաները բացօդեայ շրջափակին մէջ չհաւաքուին եւ ապահով սրահին մէջ հնարաւորութիւն ունենան հետեւելու արարողութեան։

Գանձասար



Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.