Քեսապի համար զօրակցական հաւաքներ Գերմանիոյ, Աւստրալիոյ, Մոսկուայի, Թիֆլիսի, Պոլսոյ եւ Պոսթընի մէջ


Իսթանպուլ

Շաբաթ, 5 ապրիլի յետմիջօրէին, Կալաթասարայի «Լիսէ»-ին առջեւ բողոքի ցոյց կատարուեցաւ` Սուրիոյ Քեսապ գիւղաքաղաքի հայերուն դէմ ի գործ դրուած տեղահանութեան եւ թալանի դէպքերուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը:

Ցոյցը իրականացաւ լրագրող Մուրատ Էզերի ջանքերով: Մեծ բազմութեան մը ներկայութեան կարդացուեցաւ մամլոյ հաղորդագրութիւն: Ժողովուրդը մեղադրական կարգախօսերով յանկերգեց` քննադատելով Քեսապի դէմ որդեգրուած եւ ի գործ դրուած անընդունելի  քաղաքականութիւնը:

Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ եթէ քաղաքական կուսակցութիւններ, մարդասիրական ընկերութիւններ, միութիւններ եւ իրաւասու հաստատութիւններ այս դէպքին դիմաց լուռ մնան եւ ստեղծուած կացութիւնը չմերժեն, ապա 15 օր ետք պիտի կատարուի աւելի կազմակերպուած բողոքի ցոյց մը:

Գերմանիա 

Ապրիլ 5-ին Գերմանիոյ քանի մը քաղաքներու մէջ հարիւրաւոր երիտասարդներ, համայնքներու անդամներ ու հայ բնակիչներ ոտքի կանգնեցան` դատապարտելու Քեսապի դէմ կատարուող ոտնձգութիւնները:

Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդին (ԳԿԽ) աջակցութեամբ ցոյցը կազմակերպած էին Քէօլնի, Համպուրկի եւ Տիւսելտորֆի ԳԿԽ անդամ երիտասարդները: Անոնք «SAVE KESSAB» պաստառներ բարձրացուցած` հաւաքուած էին քաղաքներու կեդրոնական հրապարակներուն վրայ կամ թրքական դեսպանատան ու հիւպատոսարաններուն առջեւ` պահանջելով կասեցնել վայրագութիւնները:

ԳԿԽ-ի անդամ Սամուէլ Լուլուկեան յայտնած է, որ իրենք գերմանական իշխանութիւններէն կը պահանջեն ճնշում բանեցնել Թուրքիոյ վրայ` որպէս ՕԹԱՆ-ի անդամ, որովհետեւ տարբեր փաստեր կան այն մասին, որ թուրքերը ծրագրած են Սուրիոյ Քեսապ շրջանի ներխուժումը, ինչ որ անընդունելի է Եւրոպայի համար:

Գերմանահայերը դրական փոփոխութիւններու ակնկալութիւններ ունին, որովհետև որոշ քաղաքական ուժեր, մասնաւորապէս Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւնն ու Քրիստոնեայ ընկերային միութիւնը նախապէս յայտարարած են, որ անընդունելի կը նկատեն Թուրքիոյ գործողութիւնները, դիտել տալով, որ Թուրքիա կը փորձէ պատերազմական գործողութիւններուն մէջ ներքաշել նաեւ ՕԹԱՆ-ը:

ԳԿԽ-ի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդի նախագահ տոքթ. Նազարէթ Աղէկեանը նշած է, որ 21-րդ դարուն ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը բոլոր միջազգային կազմակերպութիւններուն ու զարգացած պետութիւններուն գլխաւոր առաքելութիւնն է: «Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդը, գերմանահայոց անունով դատապարտելով Թուրքիոյ այս արարքը, կոչ կ’ուղղէ բոլոր այն կառավարութիւններուն, որոնք Սուրիոյ հակամարտութեան մէջ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունին, ի գործ դնելու իրենց բոլոր միջոցները` վերջ դնելու Քեսապի դէմ եղած այս ոտնձգութիւններուն եւ թոյլ տալու Քեսապի բնակիչներուն իրենց բնակարանները վերադառնալու` երաշխաւորելով անոնց ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը»:

Ցոյցին միացած են նաեւ բազմաթիւ ասորիներ, ռուսեր, յոյներ: Կոչերով ելոյթ ունեցած են ԳԿԽ-ի անդամ Մինու Նիկպայը, Քէօլնի հոգեւոր առաջնորդ հայր Հրաչը, Գերմանիոյ առաջնորդարանի թեմական խորհուրդի ատենապետ Իիյաս Ույարը, ասորիներու համայնքին ատենապետը, հայկական համայնքներու ատենապետերը եւ այլ այլ անձնաւորութիւններ:

Պոսթոն

Ուրբաթ, ապրիլ 4-ին, Մասաչուսեց մայրաքաղաք Պոսթոնի կեդրոնը գտնուող պետական «Օ՛նիըլ» շէնքի մուտքին խումբ մը հայորդիներ, կատարեցին խաղաղ ցոյց մը` ի նպաստ Քեսապի:

Ցուցարարները պաստառներով եւ կարգախօսերով կը պահանջէին ահաբեկիչներու ելքը հայաւանէն: Նաեւ` ցուցարարները այս առթիւ տեղեկատուական թռուցիկներ ցրուեցին, որոնց մէջ մանրամասնութեամբ կը ներկայացուէին Քեսապի պատմութիւնն ու անցուդարձերը: Նշենք թէ, այս հաւաքը կազմակերպուած էր տեղւոյն ՀԵԴ-ի եւ Մասաչուսեցի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ:

Մոսկուա Եւ Թիֆլիս

Ռուսական հասարակայնութեան ձեռնարկը, որ զօրակցութիւն յայտնեց Քեսապի հայերուն եւ սուրիացի ժողովուրդին, տեղի ունեցաւ 4 ապրիլին, Մոսկուայի Կորքիի անուան զբօսայգիի «Հայտ փարք»-ին մէջ: Ձեռնարկին կազմակերպիչներն էին «Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» կազմակերպութիւնը եւ Մոսկուայի հայ երիտասարդութեան ընկերակցութիւնը:

Ձեռնարկին ժամանակ ելոյթ ունեցած հասարակական եւ քաղաքական գործիչները դատապարտեցին Սուրիոյ մէջ միջազգային ահաբեկչութիւնը եւ Թուրքիոյ աջակցութիւնը` անօրինական զինեալ խմբաւորումներուն:

Ըստ «Երիտասարդ Ռուսիա» համառուսական շարժման նախագահ Մաքսիմ Միշչենքոյի, հայ ժողովուրդը, որ քսաներորդ դարուն ցեղասպանութիւն տեսած է, Քեսապի մէջ նորէն բռնութեան ենթարկուեցաւ, իսկ Սուրիոյ իրավիճակի հետագայ ապակայունացումը կը վտանգէ ամբողջ շրջանի քրիստոնեայ բնակչութիւնը:

Ելոյթ ունեցողները աջակցութիւն յայտնեցին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու ջանքերուն, որոնք ուղղուած են սուրիական խնդիրի խաղաղ լուծման:

«Ռուս-հայկական համագործակցութիւն» կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեան նշեց, որ ՄԱԿ-ը եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններ պէտք է հետաքննութեան սկսին խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ  յանցագործութիւններու վերաբերեալ եւ ստեղծեն մեքանիզմներ, որոնք կ’երաշխաւորեն իրենց պատմական բնակութեան վայրեր Քեսապի բնակչութեան վերադարձը:

Հաւաքին մասնակիցները հրապարակեցին դիմում մը, որով կը դատապարտուի միջազգային ահաբեկչութիւնը եւ հակամարտող կողմերուն կոչ կ’ուղղուի  բոլոր հարցերը լուծելու խաղաղ միջոցներով:

Դիմումին հեղինակները կը  դատապարտեն Միջին Արեւելքի մէջ  իրավիճակը ապակայունացնող յարձակումները Քեսապի եւ Սուրիոյ այլ շրջաններու խաղաղ բնակչութեան վրայ եւ կը զօրակցին Քեսապի բնակչութեան: Անոնք վճռականօրէն կը դատապարտեն խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ բռնութեան կիրարկումը, առանձին ազգային եւ կրօնական խումբերը իրենց պատմական բնակութեան վայրերէն արմատախիլ ընելու նպատակով կիրարկուող ցեղային մաքրագործումներու փորձերը` կոչ ուղղելով տագնապի կողմերուն բոլոր հակասութիւնները լուծելու խաղաղ միջոցներով, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ին, Եւրոպական Միութեան, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ յառաջատար պետութիւններուն` ստեղծելու Քեսապի իրադարձութիւններու  հետաքննութեան մեքանիզմներ, կանխելու  բռնութեան կիրարկման կրկնութիւնը եւ պայմաններ ստեղծելու տունդարձի համար:

Ապրիլ 6-ի առաւօտեան  Թիֆլիս քաղաքի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ սուրիական պատերազմի խաղաղ զոհերու յիշատակի հոգեհանգիստի արարողութիւն:  Նոյն օրը կայացաւ բողոքի ցոյց` Վրաստանի մէջ ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան գրասենեակին դիմաց: Ցոյցին ընթացքին ներկայացուեցաւ հայկական հասարակական կազմակերպութիւններուն դիմումը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին` համապատասխան քայլեր ձեռնարկելու եւ խաղաղ բնակչութեան անվտանգութիւնը ապահովելու կոչով: Դիմումին մէջ Վրաստանի մէջ գործող հայկական հասարակական կազմակերպութիւնները նաեւ կոչ ուղղեցին ՄԱԿ-ին` իրաւական գնահատական տալու Թուրքիոյ գործողութիւններուն եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու զայն  խաղաղ հայ բնակչութեան նկատմամբ ցեղասպանական քաղաքականութիւն վարելու եւ խաղաղ աւանին վրայ  յարձակած տարբեր ահաբեկչական իսլամական կազմակերպութիւններուն թուրք պետութեան կողմէ թեքնիք եւ քաղաքական աջակցութիւն տրամադրելու համար:

ՄԱԿ-ի գրասենեակին առջեւ տեղի ունեցած ցոյցէն ետք մասնակիցները քայլերթով կեդրոնական մայրուղիով ուղղուեցան դէպի Թուրքիոյ դեսպանատուն, ուր եւս կայացաւ բողոքի ցոյց: Ցոյցի մասնակիցներուն հիմնական կարգախօսներն էին` «Թուրքիա` մարդասպան», «Հեռո՛ւ ձեռքերդ Քեսապէն» եւ այլն: Ընդհանուր առմամբ, տեղի ունեցած ցոյցին կը մասնակցէր աւելի քան 250 հոգի:

Դիմումը ստորագրողներն էին` Վրաստանի հայ համայնք, Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» մշակութալուսաւորչական կեդրոն, Սամցխէ-Ջաւախքի հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդ, Թիֆլիսահայերու վեհաժողով,  Թիֆլիսահայերու միութիւն,

Համահայկական ֆորումի մասնակիցներու միջազգային համախմբում եւ

«Արմինիըն Արթհոլ» համացանցային հրատարակչութիւն կազմակերպութիւնները:

Աւտրալիա 

Չորեքշաբթի, 2 ապրիլին, աւելի քան 1000 աւստրալահայեր բողոքի ցոյցով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Քեսապի հայութեան եւ պահանջեցին, որ Թուրքիա դատապարտուի Քեսապի վրայ յարձակած Սուրիոյ ընդդիմադիրներուն ազատ անցք տրամադրած ըլլալուն համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.