Հայ Դատը Ամերիկայի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Յստակ Քայլեր Կ՛ակնկալէ

\n

\n

\n

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը գնահատած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Ուրբաթ, Մարտ 28ի յայտարարութիւնը՝ Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն վերաբերեալ, եւ անհամբեր կը սպասէ, որ անոր ներկայացուցիչներուն հետ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումին ընթացքին արտասանուած մտահոգութիւնները վերածուին յստակ գործողութիւններու՝ ի պաշտպանութիւն Քեսապի, Հալէպի եւ ամբողջ Սուրիոյ քրիստոնէաներուն, հայերուն եւ միւս փոքրամասնութիւններուն:
\n Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան ըսած է. «Այնուամենայնիւ, մենք մտահոգ ենք վարչակազմի լռութեամբ՝ այն պարագային, երբ ծայրայեղական ուժերու յարձակումները դիւրացնելու գործին մէջ Թուրքիոյ մասնակցութիւնը մատնանշող համոզիչ ապացոյցներ կան, եւ կ՛ակնկալենք, որ արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերին խիստ հաղորդագրութիւն մը ուղարկէ Էրտողանի վարչակազմին՝ այս յարձակումներուն մէջ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը դադրեցնելու պահանջով»:
\n Միւս կողմէ, ամերիկայի քոնկրեսականներ շարունակեցին Քեսապի իրադարձութեանց մասին մտահոգութիւն յայտնել: Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռապըրթ Մենենտեզ, Քոնկրեսի Հայկական հարցերու համախմբումի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն, Մայքըլ Կրիմ եւ այլ քոնկրեսականներ դատապարտած են Քեսապ քաղաքին վրայ կատարուած յարձակումները՝ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հետաքննելու այդ յարձակումները եւ անմիջապէս քայլերու ձեռնարկելու՝ անպաշտպան բնակչութիւնը պաշտպանելու ուղղութեամբ:
\n «Ինչպէս դուք, ես եւս խորապէս անհանգստացած եմ Մարտ 21ին թուրք-սուրիական սահմանին վրայ «Քայիտա»ի մօտիկ նկատուող եւ Թուրքիոյ մէջ հաստատուած ահաբեկիչներու յարձակումներուն կապակցութեամբ: Նման բնոյթի յարձակումներ օրինակ են Սուրիոյ մէջ կատարուած բռնարարքներուն նոր եւ վտանգաւոր հանգրուանի մը հասնելուն, երբ ծայրայեղական իսլամականներ իրենց թիրախը դարձուցած են Սուրիոյ փոքրամասնութիւնները՝ իրենց կրօնական պատկանելիութեան համար: Ես կը դատապարտեմ նման արարքներ, որոնց շարքին նաեւ՝ հայ քրիստոնէաներուն դէմ ուղղուած յարձակումները», ըսած է Մենենտեզ:
\n Իսկ նախագահ Պարաք Օպամայի ուղղուած նամակին մէջ, խումբ մը քոնկրեսականներ յայտնած են, թէ Սուրիոյ հայութեան զանգուածային գաղթը կը յիշեցնէ շուրջ հարիւր տարի առաջ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
\n «Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Մենենտեզին եւ մարդկային իրաւունքներու ջատագով միւս քոնկրեսականներուն, որոնք հանդէս եկած են՝ աշխարհին ուշադրութիւնը հրաւիրելու Քեսապի դէմ կատարուած յարձակումներուն վրայ», իր կարգին յայտնած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.