Շեր Եւ Քարտաշեան Կը Միանան «Փրկենք Քեսապը» Արշաւին
2315
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայազգի աշխարհահռչակ երգչուհի Շերը եւս միացած է հայաբնակ Քեսապի ի նպաստ «Թուիթըր»ի վրայ սկսած «Փրկենք Քեսապը» արշաւին՝ գրելով. «Տեսէք, թէ ի՛նչ կը կատարուի Քեսապի մէջ, Սուրիա: Թուրքերը կը սպաննեն անմեղ քրիստոնեաներ եւ հայեր: Փրկե՛նք Քեսապը»:
Աւելի կանուխ, արշաւին միացած էր նաեւ յայտնի աստղ Քիմ Քարտաշեանը՝ գրելով. ««Եթէ չէք գիտեր, թէ ի՛նչ կը կատարուի Քեսապի մէջ, կը խնդրեմ հետեւիլ «Google»ի լուրերուն: Տեղի ունեցածը ողբերգութիւն է: Ես հայուհի եմ, մանուկ տարիքիս ինծի շատ պատմած են նման ողբերգական դրուագներու մասին՝ հայերու պատմութենէն: Մի՛ արտօնէք, որ պատմութիւնը կրկնուի: Ես կ՛աղօթեմ բոլորին համար»: