Ռուբէն Հայրապետեան Պատրաստ Է Քննարկելու Հայկական Ֆութպոլին Հետ Կապուած Հարցերը
1389
0
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Հայկական ֆութպոլի բոլոր համակիրները, ֆութպոլասէրները, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի բարեկամներու ակումբի անդամները, լրագրողները եւ հայկական ֆութպոլով շահագրգիռ բոլոր անձերը կարելիութիւնը ունին 4 ապրիլին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին մէջ անոր նախագահին` Ռուբէն Հայրապետեանի մասնակցութեամբ բաց եւ անկաշկանդ զրոյցի ընթացքին քննարկելու հայկական ֆութպոլին, անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, յառաջիկային զարգացումներուն եւ ծրագիրներուն