Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը Օթթաուայի մէջ կայացած իր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կոչ ուղղեց Գանատայի վարչապետին եւ կառավարութեան աջակցութիւն ցուցաբերելու Քեսապի հայութեան
- (0)
\n
\n

\n
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, կոչ ուղղուեցաւ Գանատայի վարչապետ Սթիվըն Հարփըրի եւ Գանատայի կառավարութեան, որպէսզի ճնշում բանեցնեն Անգարայի վրայ դադրեցնելու Ալ Քայիտայի օժանդակելու քայլերը եւ ահաբեկչական զինեալ կազմակերպութիւններուն արգիլելու Սուրիա-Թուրքիա սահմանակէտը օգտագործել իբրեւ յարձակումներու տարանցիկ ճանապարհ։
\n
Յանձնախումբը նաեւ դիմեց Գանատայի կառավարութեան, որպէսզի ան կոչ ուղղէ հակամարտ կողմերուն բախումները դադրեցնելու եւ խաղաղ բնակչութեան բնակավայր վերադառնալու առիթ ստեղծելու։ Վարչապետ Հարփըրի կոչ ուղղուեցաւ, որ ան Սուրիոյ տրամադրուող գանատական 353 միլիոն տոլար մարդասիրական օժանդակութեան մէկ բաժինը տրամադրելու Քեսապի տեղահանուած հայութեան։
\n
Watch the video
\n
https://www.youtube.com/watch?v=l8O6JOt0CUc
\n