Հայ Դատը Քեսապի Վրայ Յարձակումը Կասեցնելու Քայլեր Կը Պահանջէ Ուաշինկթընէն
- (0)
\n
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային եւ Քոնկրեսին, որ անմիջական քայլերու դիմեն ու ճնշում բանեցնեն Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի Անգարան կասեցնէ իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն իր տրամադրած օժանդակութիւնները, որոնց հետեւանքով անոնք կը յարձակին Քեսապի վրայ՝ պատճառ դառնալով, որ մեծամասնութիւն կազմող տեղւոյն հայ բնակչութիւնը հեռանայ իր պապենական տուներէն:
\n
\n
\n
Անջատաբար, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կապ հաստատած է բարձրաստիճան քոնկրեսականներու հետ, որոնք անդամ են Ներկայացուցիչներու տան Տեղեկահաւաքի ու Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ՝ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին, որպէսզի Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելով՝ անմիջապէս կասեցնեն Քեսապի քանդումը:
«Մեծամասնութեամբ հայերով բնակեցուած Քեսապի վրայ յարձակումը ամբողջ հայութեան վրայ յարձակում մըն է: Ամերիկահայութիւնը՝ միասնական ճակատ կազմած, կը պահանջէ անցած շաբաթավերջի յարձակումին կասեցումը: Կը պահանջենք մեր կառավարութենէն, որ խիստ պատգամ մը յղէ Անգարայի իշխանութեանց, որպէսզի անոնք արտօնութիւն չտան իսլամ ծայրայեղականներու ազատ գործունէութեան եւ Թուրքիայէն Սուրիա անոնց ազատ անցքին», գրած է Խաչիկեան:
\n