Պատարագ Լաթաքիոյ մէջ
- (0)
\n
\n
Արամ Ա. կաթողիկոսի կողմէ Կիրակի առաւօտ Լաթաքիա ղրկուած, միաբան հայրերէ բաղկացած պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Անթիլիաս եւ զեկուցեց իր կատարած առաքելութեան մասին:
\n
Պատուիրակութեան զեկոյցին համաձայն բազմահարիւր հայեր հեռացած են Քեսապէն եւ ապաստանած Լաթաքիոյ եկեղեցիէն ու դպրոցէն ներս. իսկ ոմանք իրենց հարազատներուն մօտ: Համայնքային պատասխանատու մարմիններ մօտէն կը հետեւին ու օգտակար կ’ըլլան մեր ժողովուրդի զաւակներու սննդական ու առողջապահական կարիքներուն: Նաեւ օգտակար կ’ըլլան միջազգային կարմիր խաչի եւ սուրիոյ կարմիր մահիկի մարմինները:
\n
Լաթաքիայ ուղղուած պատուիրակութեան անդամները Կիրակի առաւօտ պատարագած են ու Նորին Սրբութեան մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը փոխանցած մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ապա անոնք հանդիպումներ ունեցած են եկեղեցական ու համայնքային պատասխանատու մարմիններուն հետ ու մօտէն շփում հաստատած ժողովուրդին հետ:
\n
Perio news
\n