սուրիական բանակի ուժերը կարողացան իրենց վերահսկողութեան տակ առնել Քեսապի սահմանային անցքը եւ շրջանի անցումային անցարգելի կէտը

\n

 բուռն բախումներէ ետք սուրիական բանակի ուժերը կարողացան իրենց վերահսկողութեան տակ առնել Քեսապի սահմանային անցքը 

\n

\n

 

\n

\n

 

\n

Երէկ երեկոյեան Լաթաքիոյ շտապէն «Ազդակ»-ին հաղորդեցին, որ Քեսապի հայ բնակչութիւնը գրեթէ պարպուած է շրջանէն: Քեսապի հայերուն մեծամասնութիւնը ապաստանած են Լաթաքիոյ իրենց հարազատներուն մօտ կամ քաղաքի հայկական եկեղեցւոյ բակը: Սուրիական Կարմիր մահիկը, պետական կառոյցներ, հայկական միութիւններ եւ եկեղեցին մեծ ջանքեր կը գործադրեն գաղթական քեսապահայութեան օժանդակութեան համար` անոնց բաժնելով ուտելիք եւ ծածկոցներ:

\n

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ սուրիական պաշտօնական լուրեր երէկ երեկոյեան հաստատեցին, որ Սուրիա-Թուրքիա սահմանային կէտերէն ներթափանցում կատարուած է թրքական տարածքէն դէպի Լաթաքիոյ արուարձանը:

\n

Բանակային ուժերը հակազդած են Լաթաքիոյ հիւսիսային արուարձանին մէջ գտնուող սահմանային անցումային կէտերէն ներթափանցող զինեալ խմբաւորումներուն. սպաննուած է յարձակող Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումի ղեկավարը:

\n

Երէկ ուշ երեկոյեան «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ օրուան երկրորդ կիսուն բուռն բախումներէ ետք սուրիական բանակի ուժերը կարողացան իրենց վերահսկողութեան տակ առնել սահմանային անցքը եւ շրջանի անցումային անցարգելի կէտը` նահանջի մղելով զինեալները դէպի թրքական տարածք եւ ձախողութեան մատնելով զինեալներու յարձակումի փորձը:

\n

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.