«Զօրակցի’նք Հայրենի Ժողովուրդին»


 

 

Կիրակի Մարտ 16, 2014-ին, «Զօրակցի’նք Հայրենի Ժողովուրդին» նշանաբանով, Հ.Յ.Դ. Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի « Սփիւռք-Հայաստան Կապ» յանձնախումբը կազմակերպեց Skype զրոյց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. պատգամաւոր ընկ․ Արծուիկ Մինասեանի հետ։ «Կուտակային կենսաթոշակային պարտադիր համակարգը՝ հակա-սահմանադրական նախագիծ» խորագրով զրոյցը տեղի ունեցաւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնէն ներս։

Ընկհ․ Անուշ Ֆրանքեան բացման խօսքը կատարելէն ետք, հրաւիրեց «Սփիւռք-Հայաստան Կապ» յանձնախումբի անդամ ընկ․ Մաթէոս Տէրտէրեանը որ ներկաներուն փոխանցէ յանձնախումբի պատգամը։ Ընկ․ Տէրտէրեան նշեց, թէ հակառակ որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումէն ետք անցած են աւելի քան 20 տարիներ, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները տակաւին կ’ապրին ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական ծանր պայմաններու մէջ։ Ան նշեց որ յանձնախումբին գլխաւոր նպատակն է Սփիւռքը կապել Հայրենիքին, զայն իրազեկելով՝ Հայաստանի ժողովուրդի դիմագրաուած տարբեր դժուարութիւններու մասին։

Ապա՝ Ընկհ․Ֆրանքեան ներկայացուց Ընկ․ Արծուիկ Մինասեանի կենսագրականը որմէ ետք Ընկ․ Մինասեան ներկայացուց կուտակային կենսաթոշակային օրէնքը եւ անոր զանազան հակասահմանադրական երեւոյթները։ Ընկ․ Արծուիկ շեշտեց որ ներկայիս առաջարկուած օրէնքը տնտեսական ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ նոր կազմուող միջին դասակարգին համար եւ նաեւ պիտի չնպաստէ երկրի տնտեսութեան զարգացման։ Ան անդրադարձաւ «Դէմ Եմ» քաղաքացիական շարժման, որ կ՚ընդդիմանայ այդ օրէնքին, եւ զեկուցեց ընդդիմադիր քաղաքական չորս կուսակցութիւններուն համագործակցութեան մասին։

Ձեռնարկի վերջաւորութեան ներկաները առիթը ունեցան Ընկ․ Արծուիկին ուղղելու հարցումներ։ Իր փակման խօսքով ընկ․ Արծուիկ Մինասեան Սփիւռքահայերուն կոչ ուղղեց զօրակցիլ Հայաստանաբնակ հայրենակիցներու ուժեղ եւ բարօր պետականութիւն կերտելու պայքարին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.