Խրիմի հայկական գաղթօճախի պատմականը – Միջնադարու հայկական մեծագոյն գաղութը (Գ.)


 

 

ՍԻՄՖԵՐՈՓՈԼԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԸ

Սիմֆերոփոլի (13-րդ-18-րդ դար՝ Աքմչիթ) հայկական համայնքը ձեւաւորուած է 15-րդ դարուն։ 1778-ին, Սիմֆերոփոլէն Ռուսիա արտագաղած է 259 հայ։ Խրիմի Ռուսիոյ միանալէն (1783) եւ Սիմֆերոփոլը նահանգային կեդրոն դառնալէն ետք՝ շարունակ աճած է նաեւ անոր հայ բնակչութեան թիւը՝ 1897-ին կազմելով շուրջ 5 հազար։ 20-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներուն, հայ համայնքը անընդհատ ուռճացած է Արեւմտեան Հայաստանէն տեղահանուած հայ գաղթականներու պատճառով։

Սիմֆերոփոլի հայ առեւտրական արդիւնագործական եւ մեծ հողատէրերու դասերու ներկայացուցիչները (Սպենդիարեաններ, Թոփալովներ, Թումանովներ, Պուռնազեաններ եւ ուրիշներ) տնտեսական եւ քաղաքական շահախնդրութիւններով 19-րդ-20-րդ դարերուն ե՛ւ նահանգային իշխանութիւններու ե՛ւ տեղական վերնախաւի հետ միահիւսուելով՝ խթանած են քաղաքի տնտեսական յառաջընթացը։ Միաժամանակ, անոնք զօրավիգ եղած են խրիմահայութեան ազգային-մշակութային կեանքին, կանոնաւոր նիւթական օժանդակութիւն կազմակերպելով անոր աղքատ խաւերուն։

Տեղւոյն հայ մեծահարուստ վաճառականները եղած են ռուսական տօնավաճառներու մշտական այցելուներ։ 19-րդ դարու վերջաւորութեան աւելի քան 70 հայ վաճառականներ ընդգրկուած են քաղաքի առեւտրական համախմբումներուն մէջ։ Փոքր առեւտուրի ոլորտին մէջ եւ համախմբումներուն մէջ հայերու ներդրած դրամագլուխը կազմած է քանի մը միլիոն ռուբլի։ Հայ վաճառականները 19-րդ դարու 2-րդ դարու կէսէն սկսեալ արդէն առեւտուր կատարած են դրամատիրական ապրելակերպին համապատասխանող եղանակով՝ պահած են մասնագիտացուած խանութներ ու կրպակներ, դիմած գովազդի օգնութեան եւ այլն։ Սիմֆերոփոլի հայերը եղած են համբաւաւոր արհեստաւորներ, հիմնած են գործարաններ, 1901-ին, առաջին անգամ քաղաքի փողոցներուն մէջ կատարած են արտաքին ելեկտրական լուսաւորութիւն, զարգացուցած կաշիի, օճառի, մոմի, կօշիկի արտադրութիւնը։ Մեծ պահանջարկ վայելած է Սրապոնեանի կօշիկի գործածարանի արտադրութիւնը։ 1897-էն ի վեր Սիմֆերոփոլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ առընթեր կազմակերպուած է աղքատ ծխականներու հոգաբարձութիւն։ Անոր միջոցները զգալի չափով գոյացած են Սպենդիարեաններու, Ս. Միսիրեանի, Վ. Թումանեանի, Սելինեանի եւ այլոց դրամական նուիրակուութիւններէն։ 20-րդ դարու սկիզբը գործած են երկու հայկական ծխական դպրոցներ՝ 8 ուսուցիչով եւ 82 աշակերտով. այստեղ նախնական կրթութիւն ստացած է հայ մեծանուն յօրինող Ալեքսանդր Սպենդիարեանը։ Սիմֆերոփոլի մէջ ծնած եւ տեղի երաժշտական դպրոցը աւարտած է հանրածանօթ ջութակահար, Փեթերզպուրկի երաժշտանոցի դասախօս Յովհաննէս Նալբանդեանը(1871-1942)։ 

1920-1930-ական թուականներուն ՍիմՖերոփոլի մէջ հայ ազգային կեանքը աստիճանաբար մարած է։ 1944-ին, տեղւոյն հայերը, թաթարներուն հետ  արտաքսուած են թերակղզիէն։ 1990-1991-էն սկսած է հայերու վերադարձի եւ համայնքի վերստեղծման հոլովոյթը։ Բացուած է հայկական կիրակնօրեայ դպրոց:
Այսօր հոն կը գործէ Խրիմահայոց ընկերութիւնը։ Կը հրատարակուի «Մասեաց աղաւնի» թերթը։ ՍիմՖերոփոլը դարձած է խրիմահայութեան հասարակական-մշակութային կեանքի կեդրոնը։ 

ԱՐՄԵԱՆՍՔ՝ ԶՈՒՏ ՀԱՅ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՄԲ ԱՒԱՆԸ

Արմեանսք (Օրապազար, Արմեանսքի պազար) քաղաքը հիմնած են Օր Գաբուի (Փերեկոփ) հայերը 1736-ին, երբ Փերեքոփը աւերուած է։ Սկզբնական տարիներուն Արմեանսքը զուտ հայկական գիւղաքաղաք էր։ 19-րդ դարու առաջին կիսուն բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայ էր։ Անոնք պահպանած են տարանցիկ առեւտուրը սպասարկող անհրաժեշտ յարմարութիւններ՝ իջեւանատուներ, հիւրանոցներ, պահեստաշէնքեր, ճաշարաններ։ 1806-ին, կառուցուած է քաղաքի առաջին հայկական եկեղեցին: 1862-ին կառուցուած է Ս. Աստուածածին քարակերտ եկեղեցին։ ?19-20-րդ դարերուն գործած է հայկական ծխական դպրոց, 1903-էն սկսեալ՝ եկեղեցիին կից ծխականներու հոգաբարձութիւն։

1991-ին սկսած է տեղւոյն հայ համայնքի վերակազմակերպման աշխատանքը: Կազմակերպուած է Խրիմահայոց ընկերութեան տեղական բաժանմունքը։ 

ՊԱԽՉԻՍԱՐԱ

Պախչիսարայի հայ գաղթավայրը սկիզբ առած է քաղաքի հիմնադրման ժամանակներէն (15-րդ դարու սկիզբ) եւ հետզհետէ ստուարացած է Պախչիսարայի քաղաքական եւ տնտեսական դերի բարձրացման զուգահեռ՝ կազմելով շուրջ 1400 հայ (300 տուն)։ Քաղաքին մէջ գործած է Ս. Աստուածածին, իսկ 17-րդ դարու վերջաւորուեթնէն սկսեալ՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին։ 1645-ին, քաղաքին մէջ քահանայ եղած է խրիմահայ նշանաւոր տարեգիր Խաչատուր Քաֆայեցին (Խաչգռուզ)։ Հայ վարպետներու մասնակցութեամբ իրականացուած է մեծ կառոյցներու, ներառեալ նաեւ խանական «Աչլամա» նշանաւոր պալատի շինարարութիւնը։

ԵՒՓԱԹՈՐԻԱ

Եւփաթորիոյ (Կէօզլեւ, Կոզլով) հայկական համայնքը սկիզբ առած է 14-15-րդ դարուն, թերակղզիի մէջ ճենովացիներու տնտեսական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին։ Խրիմի հայահոծ գաղթավայրերէն էր, որ գոյատեւած է ամբողջ միջնադարուն եւ նորագոյն ժամանակաշրջանին։ Եւփաթորիոյ հայերը որոշակի մասնակցութիւն ունեցած են միջնադարեան Խրիմի ներքին ու արտաքին առեւտուրի կեանքին մէջ, յատկապէս Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ հետ կատարուող առեւտրական գործառնութիւններուն մէջ։ 1730-ական թուականներուն, քաղաքի նշանաւոր հայ վաճառական Կարապետը ռուսական Նեժին քաղաքին մէջ հիմնած է տարանցիկ առեւտուրի մեծ յենակէտ, որու ճամբով Խրիմէն, Պարսկաստանէն, Թուրքիայէն եւ այլ վայրերէն եկող վաճառականները աշխոյժ առեւտուր կատարած են ռուսական շրջաններուն մէջ։ Եւփաթորիոյ հայերը թիւը 1778-ին շուրջ 2 հազար էր, սակայն ռուս-թաթարական բախումներուն պատճառով շատ մը հայեր կը գաղթեն շրջանէն:

1783-ին, Թերակղզին Ռուսիոյ միանալէն ետք՝ համայնքը սկսած է վերականգնիլ (1820-ական թուականներուն՝ շուրջ 100 տուն)։ 20-րդ դարու սկիզբը, Արեւմտեան Հայաստանէն հայ գաղթականներու հոսքին պատճառով, հայերու թիւը հասած է շուրջ 1000-ի։ 19-20-րդ դարերուն գործած են Ս. Նիկողայոս եկեղեցին եւ անոր կից հայկական ծխական դպրոցը։ Հայերը հիմնականին մէջ զբաղած են առեւտուրով, արհեստներով, աշխատած արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններով։

1991-ին, Եւփաթորիոյ մէջ սկսած է վերածնիլ հայկական ազգային կեանքը, բացուած է հայկական կիրակնօրեայ դպրոց, կը գործեն Ս. Նիկողայոս եկեղեցին եւ Խրիմահայոց ընկերութեան տեղական բաժանմունքը։

30 ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԸ՝ ԹԷՈԴՈՍԻԱՆ

Թէոդոսիոյ(14-18-րդ դարուն կը կոչուէր Քաֆա) հայկական գաղութը սկիզբ առած է 11-12-րդ դարերուն, երբ այնտեղ հիմնուած է խրիմահայոց ամէնէն հին կառոյցը՝ Ս. Սարգիս եկեղեցին։

Քաֆան միջնադարեան խրիմահայ գաղթավայրերու հասարակական-քաղաքական, տնտեսական, եկեղեցական եւ մշակութային կեանքի կեդրոնն էր, անոնց ոչ պաշտօնական մայրաքաղաքը։ 15-18-րդ դարերուն այստեղ գործած են շուրջ 30 հայկական եկեղեցիներ։ 14-15-րդ դարերուն քաղաքի տարածքի մեծ մասը գրաւած են հայկական թաղամասերը՝ Գամճակը, Քաշոտը եւայլն։ 15-րդ դարուն, Քաֆայի 70 հազար բնակիչներէն աւելի քան 46 հազարը հայեր էին։ Եղած է հայ եպիսկոպոսանիստ քաղաք։ 14-րդ դարու սկիզբը հայ եպիսկոպոսը համայնքի ուժերով կառուցած է ջրմուղ։ 14-?15-րդ դարերուն հայերը, ըստ կարողութեան, Քաֆան շրջապատած են պաշտպանական պարիսպով՝ «Հայոց բերդով», որու մէկ հատուածը մինչեւ այսօր պահպանուած է։

Միջազգային ծովային եւ ցամաքային ապրանքաշրջանառութեան մեծ կեդրոն Քաֆայի առեւտուրը 13-15-րդ դարերուն գերազանցապէս կատարուած է հայերու միջոցով, անոնք այստեղ ունեցած են վաճառականական ընկերութիւններ, վարձակալուած նաւեր, իջեւանատուներ, պահեստաշէնքեր։ Հայերը Քաֆայի մէջ ունեցած են 12 դրամատուն, վարկատու տուներ։ Զարգացած էր արհեստագործութիւնը։ Ճենովական գաղութային վարչակազմին մէջ պաշտօններ վարելու զուգահեռ՝ քաֆահայերը օգտուած են որոշակի ինքնավարութենէ, պահած ոստիկանութիւն՝ քաղաքացիներու անձի եւ գոյքի պաշտպանութեան ապահովման համար, եւ զինեալ ուժեր, որոնք տեղակայուած են Քազարաթ բերդապահ աւանին մէջ եւ Քաֆան պաշտպանած թաթարական ասպատակութիւններէն։

1475-ին, թուրք-թաթարական աւելի քան 60 հազարնոց միացեալ ուժերը գրաւած են Քաֆան, բնակչութեան մէկ մասը սուրի քաշած, իսկ որոշ մասը գերեվարած։ Քաֆահայերու վրայ ծանրացած է միաժամանակ պատերազմական տուրքերու վճարման լուծը։ Սակայն որոշ ժամանակ ետք՝ քաղաքի թուրք փաշան, զգալով հայերը սիրաշահելու անհրաժեշտութիւնը, մեղմացուցած է իր քաղաքականութիւնը, անոնց վերադարձուցած հայկական եկեղեցիներն ու վանքերը, արտօնած վերսկսիլ տնտեսական գործունէութիւնը։ 17-18-րդ դարերուն, քաֆահայ գաղութը դարձեալ տնտեսական մշակութային եւ եկեղեցական կեանքի յառաջընթաց ապրած է։ Շօշափելի եղած է հայ վաճառականներու մասնակցութիւնը 17-18-րդ դարերու սլաւոնական աշխարհի, յատկապէս ռուսական եւ լեհական շրջաններու հետ Խրիմի ունեցած առեւտրական ու դիւանագիտական յարաբերութիւններուն մէջ։

1778-ին, Խրիմէն Ռուսիա տեղահանուած շուրջ 13 հազար հայերէն 6 հազարը եղած են քաֆահայեր։ Խրիմի Ռուսիոյ միանալէն ետք՝ Քաֆայի հայ գաղութը սկսած է աստիճանաբար վերականգնիլ։ Ռուսիոյ Փաւել Ա. կայսրի 29 Հոկտեմբեր 1799-ի հրամանագրով Թէոդոսիոյ մէջ կանգուն մնացած 22 հայկական եկեղեցիներէն 4-ը, ներառեալ Ս. Սարգիս եւ Միքայէլ ու Գաբրիէլ Հրեշտակապետաց եկեղեցիները, վերադարձուած է հայերուն։ 19-րդ դարուն, Թուրքիայէն եւ Նոր Նախիջեւանէն Խրիմ անցած հայ գաղթականութեան որոշ մասը հաստատուած է նաեւ Թէոդոսիոյ մէջ, գլխաւորաբար՝ հայկական թաղամասին մէջ։

(Գ. մաս – շարունակելի)

Յօդուածի Ա. եւ Բ. բաժինները կարդալ հոս՝

http://www.horizonweekly.ca/news/details/33917

http://www.horizonweekly.ca/news/details/34052


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.