Ճէմիլ Չիչէք Ցաւ Յայտնեց Հայկական Ցեղասպանութեան Խնդրով Գանատայի Խորհրդարանին Ընդունած Որոշումին Համար
«ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՆԱԽԱՏԻՆՔՆ Է ԹՈՒՐՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ», կ՚ըսէ Չիչէք
Մարտ 11-ին, Թուրքիոյ Խորհրդարանի Նախագահ Ճէմիլ Չիչէք Խորհրդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Գանատայի Խորհրդարանի խօսնակ Էնտրիւ Շիրի եւ անոր հետ խորհրդակցեցաւ Թուրքիա-Գանատա տնտեսական յարաբերութիւններուն մասին: Հանդիպման ընթացքին Չիչէք Շիրի ուշադրութեան յանձնեց, որ Գանատայի Խորհրդարանը ճանչցած է Հայկական ցեղասպանութիւնը։ Ճէմիլ Չիչէք այս խնդրի կապակցութեամբ կրկնեց այն ինչ որ Թուրքիոյ պաշտօնական աղբիւրները շարունակ կ՚ըսեն օտար Խորհրդարանականներու. «Խորհրդարանները պատմութեան վճիռ չեն կրնար արձակել, Թուրքիա ցեղասպանութեան մեղք չէ գործած»։
Չիչէք ըսաւ որ Հայկական հարցը Թուրքիոյ համար շատ կարեւոր է։ «Մեծագոյն նախատինքը ու անարգանքը զոր կարելի է կատարել մեր ժողովուրդին հանդէպ, այդ նոյն ժողովուրդը ամբաստանել է ցեղասպանութեան յանցանքով։ Թուրքիա այսպիսի անիրաւ ամբաստանութեանց հետ դէմ յանդիման է ու դժբախտաբար այս ամբաստանութիւններու մէջ կը գործածուին օտար երկիրներու Խորհրդարանները։ Թուրքիա իր արխիւները բացած է եւ առաջարկած է որ պատմաբաններու խառն յանձնախումբ մը այս մասին որոշում ընդունի։ Ինչ որոշում որ ան պիտի ընդունի, Թուրքիա պիտի համակերպի», ըսած է Չիչէք։