Forbes-ի հրապարակած տուեալներով՝ 6 հայ միլիառատէր


Ամերիկեան Forbes հեղինակաւոր  ամսագիրը, հրապարակած է 2014 թուականի միլիառատէրերու համաշխարհային ցանկը եւ ընդհանուր դասաւորման մէջ տեղ գտած են վեց հայ  գործարար:

Աշխարհի ամենահարուստ հայի «տիտղոսը» կը շարունակէ կրել ամերիկեան հիւրանոցային ցանցի սեփականատէր Քըրք Գըրքորեանը, որուն հարստութիւնը կը գնահատուի $4,5 միլիառով: 96-ամեայ գործարարը կը գրտաւէ միլիառատէրերու ցանկի 328-րդ դիրքը։ Վերջին տարուան ընթացքին իր հարստութիւնը աւելցած է $1,2 միլիառով:

Ցանկի 345-րդ տեղը կը գրաւէ ռուսաստանաբնակ հայ գործարար և «Տաշիր» ընկերութեան սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանը՝ $4,3 միլիառ տոլարով: 48-ամեայ գործարարի հարստութիւնը վերջին տարուան ընթացքին աճած է կէս միլիառով:

«Ռոսգոսստրախ» ապահովագրական ընկերութեան համասեփականատէր Դանիլ Խաչատուրովը Forbes-ի ցանկի 663-րդն է` $2,6 միլիառով: 42-ամեայ Խաչատուրովի կարողութիւնը վերջին տարուան ընթացքին աճած է $0,2 միլիառով:

Forbes-ի ցանկին մէջ արժանթինահայ Էոտւարտօ Էռնէկեանը 931-րդն է: 81-ամեայ արժանթինահայ գործարարի հարստութիւնը կը գնահատուի է $1,9 միլիառով: Վերջին տարուան ընթացքին Էռնէկեանի հարստութիւնը աճած է $100 միլիոնով:

«ՌԵՍՕ-Գարանտիա» ապահովագրական խմբի սեփականատէր եղբայրներ Սերգէյ և Նիքոլա Սարգիսովները 1465-րդ դիրքին վրայ են` իւրաքանչիւրը $1,1 միլիառ տոլարով:

Ցանկը կը գլխաւորէ Microsoft-ի հիմնադիր Պիլ Կէյթսը $76 միլիառ տոլարով։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.