ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԵՏ


Հինգշաբթի, 27 Փետրուարին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը հանդիպում ունեցաւ Գանատայի մօտ Զուիցերիոյ դեսպան Ուլրիխ Լեհնըրի հետ։ Հայ Դատի յանձնախումբի խնդրանքով կայացած հանդիպումին նպատակը՝ Զուիցերիոյ կառավարութեան կողմէ Տողու Փերինչեքի հարցով Մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) Եւրոպայի մէջ ցեղասպանութեան ժխտումին վերաբերեալ վճիռը բողոքարկելու իրաւունքի կիրարկման կարեւորութիւնը շեշտելն էր։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը դեսպանին փոխանցեց գանատահայութեան եւ համայն հայութեան լուրջ մտահոգութիւնները ՄԻԵԴ-ի 17 դեկտեմբեր 2013-ի այն վճիռին նկատմամբ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար զուիցերիական քրէական օրէնսգիրքի հիմամբ Տողու Փերինչեքը պատժելու զուիցերիական դատարանի 2007-ի որոշումը կը մերժեր։

ԶՈՒԻՑԵՐԻԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԱԾ Է ԹՈՒՐՔ ՔԱՂԱՔԱԳԷՏԸ

2007-ին, թուրք քաղաքագէտ Տողու Փերինչեք Զուիցերիոյ դաշնակցային դատարանին կողմէ դատապարտուեցաւ հրապարակաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելուն համար։ Ան հրապարակաւ յայտարարած էր, որ «ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ մըն է»։ ՄԻԵԴ-ը վճռեց, որ Փերինչեք Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելով յանցանք չէ գործած՝ հակառակ ժխտողականութիւնը մերժող զուիցերիական օրէնքին ու եւրոպական այլ կանոններու, որոնք պետութիւններուն կոչ կ՚ուղղեն՝ ցեղասպանութեան ու մարդկութեան դէմ ոճիրներու ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ աւելի ուժեղ կեցուածք որդեգրել։

ՓԱՍՏԱԳՐԱԿԱՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏԱԿԱՆ ԱՌԱՏ ՍԽԱԼՆԵՐ

Զուիցերիոյ դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը ընդգծեց ՄԻԵԴ-ի որոշումի հիմնաւորման մէջ գոյութիւն ունեցող փաստագրական եւ արդարադատական մեծ սխալները։

Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ուղղեց՝ Զուիցերիոյ, իբրեւ Եւրոպայի մէջ ցեղասպանութեանց ու մարդկութեան դէմ ոճիրներու ժխտումը արգիլող յառաջատար պետութիւն, այս հարցով կառչած մնալու իր սկզբունքային կեցուածքին։ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ տոքթ.Ժիրայր Պասմաճեան ՄԻԵԴ-ի 5 թեր քուէներով որդեգրուած որոշումին դէմ քուէարկած 2 դատաւորները մատնանշելով յայտնեց, որ «գոյութիւն ունին մասնագէտներու առատ տեսակէտներ, որոնք վճիռը բողոքարկելու Զուիցերիոյ ուժեղ հիմնաւորումները կ՚ամրապնդեն»։ «ՄԻԵԴ-ի վճիռը ընդունելու եւ չբողոքարկելու պարագային Եւրոպային ուղղած Զուիցերիոյ պատգամը ոչ միայն Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վնաս պիտի պատճառէ, այլ նաեւ այլ ցեղասպանութեանց ժխտման դէմ պայքարին ու ապագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման»։

ՄԻԵԴ-ի որոշումը բողոքարկման դիմումին որոշումը կը պատկանի Զուիցերիոյ արդարադատութեան եւ ոստիկանութեան դաշնակցային բաժանմունքին, զոր կը ղեկավարէ նախարար Սիմոնեթա Սոմարուկա։ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը նախատեսէ, որ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ մինչեւ իսկ Զուիցերիոյ դաշնակցային խորհուրդը կրնայ այս որոշումին մէջ խօսք ունենալ, նկատի ունենալով Եւրոպայի մէջ եւ այլուր ցեղասպանութեանց ժխտողականութեան, ցեղապաշտութեան եւ ատելութեան հրահրման վրայ ՄԻԵԴ-ի այս վճիռին ունենալիք իրաւաբանական ու քաղաքական հետեւանքները։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.