Հարաւային Տաքոթան Եւս Դէմ Դրաւ Պատմութիւնը Խեղաթիւրելու Պաքուի Փորձին


ՓԻԷՐ.- Երեքշաբթի, Փետրուար 25ի երեկոյեան, Հարաւային Տաքոթայի նահանգային խորհրդարանի անդամները որոշեցին չքննել Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ջանքերուն հետեւանքով ներկայացուած հակահայ բանաձեւ մը. ուստի, զայն ներկայացուցած խորհրդարանականը, աւելի ուշ, օրակարգէն ետ քաշեց բանաձեւը (թիւ 9), որուն մէջ փորձ կը կատարուէր ամերիկացի երեսփոխաններ մեղսակից դարձնելու Արցախի հակամարտութեան եւ Խոջալուի իրադարձութիւններուն մասին պատմութիւնը խեղաթիւրելու Ատրպէյճանի ջանքերուն:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս բանաձեւին մասին իմանալէ ետք, աշխատանք տարած էր նահանգային խորհրդարանի անդամներուն ծանօթացնելու պատմական իրողութիւնները:
Խորհրդարանի անդամ Լենս Ռասըլ, որ աշխատանք տարած էր բանաձեւին դէմ, ցաւ յայտնեց, որ նման բանաձեւ մը ներկայացուած է, սակայն աւելցուց, թէ դրական կողմը այն է, որ այժմ խորհրդարանի 105 անդամները ծանօթացած են Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ տարուող՝ պատմութիւնը խեղաթիւրելու ջանքերուն եւ հայութեան դիմագրաւած դժուարութեանց:
Սու Ֆոլզէն Վազգէն Միքայէլեան, Իկոր Աւետիսով եւ Պելլա Մուսայէկեան եւս աշխատած էին Հայ Դատի յանձնախումբին կողքին, պարտութեան մատնելու համար հակահայ այս բանաձեւը:
Յիշցնենք, թէ երկու նման բանաձեւներ վերջերս ձախողած էին նաեւ Հաուայիի նահանգային խորհրդարանին մէջ:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան բաց նամակով մը դիմած էր Միացեալ Նահանգներու բոլոր նահանգային խորհրդարաններու անդամներուն՝ կոչ ընելով անոնց, որ դէմ դնեն «ժողովրդավարութիւնը առեւանգելու» նպատակով Ատրպէյճանի իշխանութեանց ջանքերուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.