Նախագահեր Սահակեան Եւ Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Են Արցախի Վերածնունդի Օրուան Առթիւ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան եւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Փետրուար 20-ին շնորհաւորական ուղերձ յղած են Արցախի վերածնունդի օրուան առթիւ:

Նախագահ Սահակեան շնորհաւորելով բոլորը Արցախի վերածնունդի օրուան առթիւ մասնաւորապէս ըսած է ․ «1988-ի Փետրուարի 20-ին, Ստեփանակերտի մէջ  տեղի ունեցաւ ԼՂԻՄ մարզային խորհուրդի արտահերթ նստաշրջանը, որ իրաւական ուժ հաղորդեց մեր ժողովուրդի բազմամեայ նկրտումներուն եւ ազդարարեց անոր նուիրական իղձերու ու նպատակներու իրականացման մեկնարկը:

․․․Ատիկա պայքար էր` ուղղուած պատմական արդարութեան վերականգնման, մարդու իրաւունքներու ու ազատութիւններու, համամարդկային ու ազգային արժէքներու պաշտպանութեան: Ատիկա պայքար էր, որուն համար ոտքի ելած էր համայն հայութիւնը` Ղարաբաղի, մայր Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:

Այդ օրը դարձաւ մեր ժողովրդի սխրանքի, վճռականութեան ու ազատասիրութեան, մեր համազգային միասնականութեան խորհրդանիշը․․․»:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան նոյն առիթով յղած ուղերձին մէջ ըսած․ «Արցախեան շարժումը, որը կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ Հայաստանի մէջ եւ արձագանգեց ողջ հայութեան մէջ` ուր ալ ըլլան անոնք լինէին, Արցախի անկախութեան եւ բուն իսկ Հայաստանի անկախութեան նախերգանքն էր: Շուտով այն դարձաւ փարոս, դէպի ուր ուղղուեցին Խորհրդային Միութեան ազատութիւն ու ժողովրդավարութիւն տենչող ժողովրդական լայն զանգուածներու հայեացքները:

«․․․Աշխարհը մշտական ու շարունակական փոփոխութեան մէջ է, եւ Արցախը այդ աշխարհի մաս կը կազմէ: 32 տարի առաջ արցախեան շարժումը իւրովի կրցաւ շարժել անշարժէլի թուացեալ անիւը, կրցաւ մտածողութիւն փոխել, կրցաւ ընդլայնել ազատութեան ու արդարութեան սահմանները եւ այդ ամէնուն շնորհիւ ձեւաւորել պետութիւն` հերոսական ժողովուրդով:

«Արցախը վաստակած է եւ ունի ազատ եւ անկախ ապրելու, աշխարհի քարտէզին` պատմականօրէն իրեն պատկանող հայրենիքը հզօրացնելու իրաւունքը։»

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.