Պոլսահայ Գայուշ Չալըքման Իշխանաց կղզիներու քաղաքապետի թեկնածու
Թուրքիոյ մէջ մարտի 30-ին պիտի կայանան քաղաքապետական ընտրութիւններ :Թրքական տարբեր կուսակցութիւններ իրենց ընտրացուցականերուն մէջ ներառած են նաև հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Իսթանպուլի Իշխանաց կղզիներու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական» կուսակցութիւնը քաղաքապետի թեկնածու առաջադրած հայազգի Գայուշ Չալըքմանին: Այս կուսակցութեան կողմէ նշեալ ընտրատարծաքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ 12 թեկնածուներէն մէկը նոյնպէս հայ է: Ամենաշատ հայ թեկնածուներ առաջադրած են Իսթանպուլի Պաքըրքոյի շրջանին մէջ, ուր հայ քուէարկողներու մեծ թիւ կայ։: Պաքըրքոյի մէջ, իշխող «Արդարութիւն և զարգացում», ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական», «Ազգայնական շարժում» և «Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն» կուսակցութիւններու կողմէ ընդհանուր թիւով 8 հայ թեկնածու առաջադրուած է: 2 հայ թեկնածու առաջադրուած են Շիշլիի շրջանին մէջ «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան կողմէ: