ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐ (Շար. 2)


Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի սկիզբէն ի վեր՝ ազրպէյճանական իշխանութիւնները ջանացած են չեզոք մնալ, սուրիացի ժողովուրդին կոչ ուղղելով՝ բռնարարքներուն վերջ տալ եւ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնել։ Այդ մէկը մասնակի կերպով կարելի է բացատրել դիւանագիտական նկատառումներով։ Իրենց կողմէ օրինական նկատուած կառավարութիւնները տապալելու փորձերը, տասնամեակ մը առաջ յետխորհրդային տարածաշրջանին մէջ գունաւոր յեղափոխութիւններու տարածումը, ինչպէս նաեւ Արաբական գարունը եւ ատոր ռազմական հետեւանքները Պաքուի մէջ ազրպէյճանական հասարակութեան յեղափոխական ձգտումներու հեռանկարին նկատմամբ մտահոգութիւն ստեղծած են՝ նկատի ունենալով, որ վերջինիս մօտ վարչակարգին նկատմամբ դժգոհութիւնը աճ կ՚արձանագրէ։ Տեղական ցոյցերու շարժումով զբաղելով՝ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կը թուի թերագնահատած ըլլալ սուրիական ռազմաճակատ մեկնող ազրպէյճանցի քաղաքացիներուն ներկայացուցած վտանգը։

Վերջին անգամ, որ ազրպէյճանցիներ կամաւոր կերպով մասնակցած են հեռաւոր պատերազմի մը՝ 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմին ընթացքին էր, երբ սիւննի ազրպէյճանցիները իրենց օսմանցի հաւատակիցներուն աջակցեցան, իսկ շիի ազրպէյճանցիները միացան ռուսական բանակին կռուելու համար սիւննի «անհաւատներուն» դէմ։ Մինչ Ազրպէյճանի ընկերային պատկերը նկատառելի կերպով փոխուած է՝ Սուրիոյ պատերազմը ցոյց կու տայ, որ այժմ թեթեւցած այդ պառակտումները որոշ պայմաններու մէջ կրնան վերակենդանանալ։ Եթէ պատերազմի մթնորորտէն ներշնչուած վճռակամութեամբ, ռազմական փորձառութեամբ զինուած եւ աշխարհի տարածքին կապեր ունեցող ազրպէյճանցի հարիւրաւոր կամաւորներ յաջողին պատերազմի աւարտէն ետք հայրենիք վերադառնալ, անոնք կրնան Ազրպէյճանի ներքին ապահովութեան մեծ վտանգ ներկայացնել։

Երկու կողմերն ալ հաւանաբար Լեռնային Ղարաբաղին ռազմական միջոցներով վերատիրանալու հարցով իշխանութեան վրայ ճնշումը աւելցնեն։ Ժիհատականները ամենայն հաւանականութեամբ դաշնակցին տաղստանցի ըմբոստներու եւ ազրպէյճանցի դաշնակիցներու հետ՝ երկրին հեռաւոր հիւսիսային շրջաններուն մէջ իրարանցում ստեղծելով եւ այդպիսով Ազրպէյճանը տկարացնեն անոր հիւսիսային հարեւանի կողմէ ճնշումներուն դիմաց։ Միւս կողմէ՝ շիի վեթերաններ կրնան երկրին շիի արմատական կեդրոնները վերաշխուժացնել, իբրեւ Իրանի 5-րդ շարասիւնը։ Թէեւ երկրին մէջ վարչակարգի փոփոխութիւնը, ազրպէյճանական հասարակութեան կողմէ կրօնական արմատականներու զօրակցութեան բացակայութեան պատճառով անհաւանական պիտի ըլլայ, վերջիններս կրնան մարտահրաւէր ուղղել Պաքուի իշխանութեան կամ իրարու հետ բախումներ ունենալ։ Ազրպէյճանական երիտասարդութենէն որոշ հատուածի մը համար՝ անոնք վարչակարգին այլընտրանք մը կրնան ներկայացնել։ 

Այս յօդուածի առաջին բաժինը կարդալ հոս՝

http://www.horizonweekly.ca/news/details/32058


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.