32 Տարի Առաջ Հայկական Ինքնապաշտպանութեան Ուժերը Ազատագրեցին Հինաւուրց Բերդաքաղաք Շուշին

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախեան ազատամարտի սկզբնաւորութենէն ետք, ազրպէյճանական զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող Շուշիէն անընդհատ կը ռմբակոծուէին Ստեփանակերտն ու յարակից բնակավայրերը:

Հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերու ռազմական յաջող գործողութիւնները եւ ազրպէյճանական շարք մը կրակակէտերու ճնշումը, ինչպէս նաեւ Խոջալուի ազատագրումը եւ օդակայանին բացումը նպաստաւոր նախադրեալներ ստեղծեցին Շուշիի ազատագրումը նախապատրաստելու համար:

Այս առումով առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցաւ Քարինտակի ինքնապաշտպանութիւնը` 25-26 յունուար 1992-ին, երբ հայկական փոքրաթիւ ուժերը յաջողեցան ետ մղել ազրպէյճանական բազմաքանակ ուժերու յարձակումը:

Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերուն համար Շուշիի ազատագրումը դարձաւ ռազմական եւ քաղաքական անհրաժեշտութիւն:

Ազրպէյճանական ուժերը 27 ապրիլ 1992-ին քաղաքային բնակչութիւնը հեռացուցին Շուշիէն եւ մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք սկսան կեդրոնացնել քաղաքին մէջ: Ապրիլ 29-ին անոնք գրոհեցին Ստեփանակերտի հարաւ-արեւմտեան դիրքերուն վրայ, բայց ետ մղուեցան:

Շուշիի ազատագրութեան ռազմական գործողութեան ընդհանուր հրամանատար նշանակուեցաւ Արկադի Տէր Թադեւոսեան:

Ապրիլ 28-ին ճշդուեցան յարձակման ուղղութիւնները, հրամանատարները եւ զէնքի ու զինամթերքի հետ կապուած հարցերը դասաւորուեցան: Կազմակերպուեցան նաեւ դաշտային հիւանդանոցներ եւ բուժօգնութեան խումբեր:

Արկադի Տէր Թադեւոսեան մայիս 4-ին ստորագրեց Շուշիի ազատագրութեան մարտական հրամանը:

Շուշիի վրայ գրոհը պիտի սկսէր մայիս 5-ին, ժամը 2:30-ին, սակայն այդ օր տեղացած առատ ձիւնին պատճառով յետաձգուեցաւ մինչեւ մայիս 8:

Ռազմաճակատի ընդհանուր գիծը մօտաւորապէս 40 քիլոմեթր էր եւ կ՛ընդգրկէր հարուածային չորս ուղղութիւն` «26-ի» (հիւսիսային), Լաչինի (հարաւային), Քէօսալարի (հիւսիս-արեւմտեան) եւ Շոշի (արեւելեան):

Մայիս 7-8 լուսցող գիշերը Լաչինի եւ միւս ուղղութիւններու հայկական ստորաբաժանումները նպաստաւոր բնագիծեր գրաւեցին Շուշիի մատոյցներուն մէջ:

Մարտական գործողութիւնները սկսան կէս գիշերէն ետք, ժամը 2:00:ին: Հրետանային պատրաստութենէ ետք շարժեցաւ հետեւակը:

Ազրպէյճանական յենակէտերը ոչնչացուեցան մէկը միւսին ետեւէն: Հայկական ուժերը շրջափակեցին քաղաքը:

Թշնամին լուրջ դիմադրութիւն ցոյց տուաւ Երեք աշտարակներու բարձունքին, բայց հայ մարտիկները կարճ կռիւէ մը ետք գրաւեցին զայն:

Հայկական ստորաբաժանումները` մարտեր մղելով, յաջողութեամբ սկսան յառաջանալ դէպի Շուշիի դարպասները:

Երեկոյեան զինադուլ հաստատուեցաւ եւ ազրպէյճանական ուժերը կարելիութիւն ունեցան հեռանալու քաղաքէն:

Մայիս 9-ի առաւօտուն ազրպէյճանցի գրեթէ չէր մնացած Շուշիի մէջ: Հայկական ուժերը առանց դիմադրութեան հանդիպելու քաղաքը իրենց հակակշիռին տակ առին:

Կէսօրուան մօտ ազրպէյճանական ուղղաթիռներ սկսան ռմբակոծել հայկական ուժերու դիրքերը, ինչպէս նաեւ Շուշին եւ Ստեփանակերտը: Օդային յարձակման նպատակն էր Շուշիի մէջ մնացած զինապահեստները պայթեցնել եւ այդպէսով ամբողջ քաղաքը կործանել, բայց չյաջողեցան:

Երեկոյեան հայկական մարտական ուժերը աւարտին հասցուցին Շուշիի ազատագրման գործողութիւնը:

Անառիկ ամրոց նկատուող Շուշիի ազատագրումը` 25 ժամուան ընթացքին, վերջ տուաւ թուաքանակով ու միջոցներով անհամեմատօրէն գերակշիռ թշնամին սեփական ուժերով յաղթելու անկարելիութեան վերաբերող առասպելին: Միւս կողմէ, թշնամին բարոյական եւ հոգեբանական ծանր հարուած ստացաւ. բան մը, որ կանխորոշեց Արցախեան ազատամարտին յաղթական ելքը:

Comments are closed.