Կուտակայինի Դէմ Բողոքող Օփերայի Աշխատողներու Ամսավճարները Բարձրացուած Են


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն», «Թերթ».– 10 Փետրուարի երեկոյեան «Արամ Խաչատրեան» օփերայի եւ պալէի համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց դէպք մը։ Օփերայի արուեստագէտները պոյքոթի ենթարկեցին հրապարակային ներ-կայացումը, եւ հակառակ անոր որ դահլիճը ամբողջութեամբ լեցուն էր, հանդիսատեսը չկրցաւ վայելել «Անոյշ» օփերան: Բայց եւ այնպէս ներկաները ծափահարութիւններով եւ «պրաւօ» կոչերով ողջունեցին օփերայի արուեստագէտներուն նախաձեռնութիւնը, որ ուղղուած էր պարտադիր կուտակային կենսաթոշակին դէմ:
Օփերայի եւ պալէի ազգային թատրոնի աշխատակիցները 11 Փետրուարին աշխատավայր ուղղուեցան, սակայն ո՛չ թէ փորձերուն մասնակցելու, այլ պատրադիր կուտակային կենսաթոշակայինին դէմ բողոքի իրենց քայլերը քննարկելու համար:
10 Փետրուարի երեկոյեան յայտարարուած էր, որ անոնք օփերայի շէնքին առջեւ բողոքի ցոյց պիտի կատարեն, սակայն այդպէս չեղաւ: Արուեստագէտները «Ազա-տութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած են, որ տակաւին չեն որոշած իրենց ընելիքները։
Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէն Կամօ Յովհաննիսեան դիտել տուած է, որ թատրոնի՝ 1974ին եւ անկէ ետք ծնած աշխատակիցներուն թիւը բաւական մեծ է այս կառոյցին մէջ: Անոր համաձայն՝ անոնք ստորագրահաւաք կազմակերպած են եւ կը պատրաստուին պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի դէմ իրենց ստորագրութիւնները յանձնելու կառավարութեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ աշխատակազմը արդէն գործադուլի՞ դիմած է՝ Կամօ Յովհաննիսեան ըսած է. «Մեծ մասը աշխատում է, մի որոշ մաս չի աշխատում: Հիմա դրա վրայ աշխատում ենք: Դրա համար ես այս պահին աւել բան չեմ կարող ասել»:
Օփերայի շէնքին մօտ նկատելի էր նաեւ մշակոյթի նախարարութեան աշխատակիցներուն ներկայութիւնը, արդարեւ, թատրոնը ենթակայ է այդ նախարարութեան: «Ազատութեան» թղթակիցը հարց տուած է, որ նախարարութեան կողմէ ճնշում կա՞յ կուտակային կենսաթոշակային համակարգին առնչուած. թատրոնի տնօրէնը պատասխանած է. «Չէ, ճնշում չեն գործադրում: Ես օրէնքները լաւ հասկանում եմ, գիտեմ: Այս պահին մի քիչ լարուածութիւն կայ, բնականաբար: Աշխատում ենք հարթել: Մեզ համար ամենակարեւորը, որ թատրոնը բնականոն իր աշխատանքը կատարի: Թատրոնը ժողովրդի համար է: Մենք պարտաւոր ենք մեր ներկայացումները խաղալ»:
Թատրոնի ղեկավարութիւնը յոյս ունի, որ «Անոյշ» օփերան, որ յետաձգուած է 23 Փետրուարին, տեղի ունենայ։
Աւելի ուշ աշխատակիցները լրագրողներուն յայտնած են, որ իրենց եւ մշակոյթի փոխնախարարին միջեւ կայացած քննարկումներու լոյսին տակ ղեկավարութիւնը խոստացած են բարձրացնել աշխատավարձերը:
Աշխատողներուն մէկ մասը նշած է, որ պիտի շարունակուին քննարկումները, քանի որ տակաւին յստակ բան չէ որոշուած, իսկ այլ աշխատող մը դիտել տուած է, որ իրենք չեն խուսափիր խօսելէ, բոլորը բարկացած են, տարիներ շարունակ չյարգուած խոստումներ կը տրուին, իսկ պարտադիր կուտակայինը հիմք հանդիսացաւ իրենց բողոքի դրսեւորման։ «Միտք չունի որեւէ բան ասել, վաղը կը շարունակենք աշխատել», յայտնած է աշխատող մը:
Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ Ռուդոլֆ Խառատեան ըսած է, թէ ոչ ոք տակաւին բան մը խոստացած է, ամէն ինչ պէտք է կատարուի, որպէսզի արուեստագէտները գոհ ըլլան։ «Կուտակայինի մասին ասել են, որ այդ գումարները մնացել են թատրոնում, երբ որոշում կը կայացուի, այդ գումարների հարցը կ՛որոշուի», աւելցուցած է ան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.