Արցախի ռազմական ուսումնարանի կառուցման աշխատանքները կը շարունակուին
Արցախի անվտանգութեան ապահովման նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ կը շարունակուին հայազգի նշանաւոր զօրավարներ Ա. Սուվորովի եւ Վ. Մատաթովի անուան ռազմական ուսումնարանի կառուցման աշխատանքները: Ուսումնարանի ապագայ սաները զինուորական կրթութիւնը պիտի ստանան դպրոցական տարիքէն: Նման ուսումնարաններու փորձառութիւն կայ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մէջ։
Սուվորովի եւ Մատաթովի անուան ռազմական ուսումնարանը պիտի համապատասխանէ արդիական միջազգային բոլոր եզրերուն ու չափանիշներուն՝ արժանիօրէն նկատուելով ամէնէն ժամանակակիցը ԱՊՀ տարածքին մէջ: Նախագիծին համաձայն, ռազմական ու կենցաղային մասնաշէնքերէն բացի, ուսումնարանը պիտի ունենայ հանդիսութիւններու մեծ սրահ, ֆութպոլի դաշտ, հարթակներ՝ բռնցքամարտի, ըմբշամարտի ու ծանրամարտի համար, պասքէթպոլի եւ վոլիպոլի դաշտեր եւ թենիսի հարթակ, ինչպէս նաեւ մրգատու այգի ու ծաղկանոց:
«Արցախում Սուվորովի եւ Մատաթովի անուան ռազմական ուսումնարան» ծրագիրի իրականացման կոմիտէի մամլոյ կեդրոնին համաձայն՝ նկատի առնելով ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնն ու ստացուած դիմումները, ուսումնարան ընդհանուր հիմունքներով ընդունուելու իրաւունք պիտի ունենան ազգութեամբ լեզկինները, թալիշները, աւարները, ցախուրներն ու թաթերը:
Ուսումնարանի ստեղծման աշխատանքները կը համակարգէ Քոմանտոսը՝ զօրավար-գնդապետ Արկադի Տէր Թադեւոսեանը: Ծրագիրի մտայղացման հեղինակը եւ հովանաւորը արցախցի մեծահարուստ բարերար Լեւոն Հայրապետեանն է:
Ուսումնարանի կառուցման աշխատանքները կը նախատեսուի աւարտել այս տարուան ընթացքին։
Ուսումնարանի կառուցման մասին «Արցախ TV»ի պատրաստած տեսանիւթը դիտել հոս՝
http://www.youtube.com/watch?v=mZTE4axfXpE