31 Տարի Առաջ Այսօր. Արցախի Անկախութեան Հռչակագիրը

Ռուսաստանի համայնավար կուսակցութեան Կովկասեան Բիւրոն, Ստալինի հրահանգով, 5 յուլիս 1921-ին որոշեց բացարձակ մեծամասնութեամբ հայաբնակ Արցախը միացնել Ազրպէյճանի:

Այսպիսով, պատմական Արցախ նահանգէն 4.400 քառ. քմ. տարածութիւն առանձնացուելով, Խորհրդային Ազրպէյճանի կազմէն ներս կազմաւորուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը:

Խորհրդային իշխանութիւնները այնպէս ըրին, որ Լեռնային Ղարաբաղ ընդհանուր սահման չունենայ Խորհրդային Հայաստանի հետ:

Խորհրդային Ազրպէյճանի իշխանութիւնները հետեւողականօրէն աշխատեցան աղարտել Արցախի հայկական դիմագիծը: 1930-ական տարիներուն բոլոր եկեղեցիները փակուեցան եւ անոնց մէկ մասը մզկիթներու վերածուեցաւ: Պաքուի կառավարութիւնը աստիճանաբար կրճատեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներդրումներու ծաւալը, եւ աշխատուժը ստիպուած զանգուածաբար սկսաւ հեռանալ մարզէն: Փոխարէնը խրախուսուեցաւ ազրպէյճանցիներու վերաբնակեցումը Ղարաբաղ: Գործարանային ուսուցման ծրագիրով Արցախի գիւղերէն հայ երիտասարդներ պարբերաբար կը հաւաքագրուէին եւ կ՛ուղարկուէին Պաքու, Սումկայիթ եւ այլ քաղաքներ: Հետեւողականօրէն քանդուեցան եւ ոչնչացուեցան ընկերային եւ տնտեսական ոլորտի հաստատութիւնները: Տասնամեակներու ընթացքին ամբողջովին փոխուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդագրական պատկերը, իսկ Շուշի քաղաքին մէջ հայ չէր մնացած:

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի մարզային խորհուրդը 20 փետրուար 1988-ին որոշում ընդունեց մարզը Ազրպէյճանի կազմէն հանելու եւ Խորհրդային Հայաստանի վերամիաւորելու հարցով:

Արցախահայութեան ազատ կամքի արտայայտութիւնը բռնի ուժով ճնշելու Ազրպէյճանի քաղաքականութեան առաջին զոհը դարձան Սումկայիթի հայերը: Սումկայիթի մէջ հայերու կոտորածը տեւեց երեք օր` 1988 փետրուար 27-էն 29: Նոյն տարուան նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն Կիրովապատէն (Գանձակ), Շամքորէն, Խանլարէն եւ Դաշքեսանէն հայ բնակչութիւնը զանգուածաբար արտաքսուեցաւ: Պաքուի մէջ 1990 յունուար 13-ին հայերու դէմ ջարդեր սկսան եւ քաղաքի հայերը զանգուածաբար հեռացան:

Ազրպէյճանական յատուկ նշանակութեան ջոկատները խորհրդային բանակին անմիջական մասնակցութեամբ 1991-ի գարնան իրականացուցին «Օղակ» ռազմական գործողութիւնը: Գետաշէն եւ Մարտունաշէն հայաթափուեցան: Մարտակերտի եւ Հադրութի շրջանի քսանէ աւելի հայկական գիւղեր աւերուեցան:

Ազրպէյճան 30 օգոստոս 1991-ին անկախութիւն հռչակեց:

Ստեփանակերտի մէջ 2 սեպտեմբեր 1991-ին տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի մարզային եւ Շահումեանի շրջանային խորհուրդներու համատեղ նստաշրջանը: Ընդունուեցաւ հռչակագիր` Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի եւ Շահումեանի շրջանի սահմաններուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւն հռչակելու մասին:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.