ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐԸ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՀԱՐՑԵՐ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆ


 

Թուրքիոյ մէջ այսօր գոյութիւն ունին միայն 16 հայկական դպրոցներ եւ 3000 հայ աշակերտներ։ 16 դպրոցներն ալ կը գտնուին Պոլսոյ մէջ, ուր Թուրքիոյ 60 հազար հայութեան մեծամասնութիւնը կը բնակի։ Երեսուն տարի առաջ այդ դպրոցներուն աշակերտութեան թիւը ներկայ թիւի կրկնապատիկն էր։ Կացութիւնը կտրուկ կերպով տարբեր էր Օսմանեան ժամանակաշրջանի վերջին հանգրուանին, երբ ամբողջ Անատոլուի տարածքին գոյութիւն ունէին շուրջ 2000 հայկական վարժարաններ եւ աւելի քան 170 հազար աշակերտներ։

 

Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին մէջ  Paul Benjamin Osterlund կը գրէ, որ վերջերս յայտնի դարձած է, որ Թուրքիոյ մէջ նախակրթարանէն երկրորդական կրթութեան փոխանցման յատուկ քննութեան ներկայացած ոչ իսլամ աշակերտները կը պատժուին՝ չպատասխանելով կրօնական, մշակոյթի եւ բարոյական գիտութեան բաժինի յատուկ հարցումներուն: Իրողութեան մէջ, ոչ իսլամները այդ քննութիւնը չեն կատարեր։ Գործուած սխալը հետագային կրթութեան նախարարութեան կողմէ սրբագրուեցաւ, երբ փոքրամասնութեանց դպրոցները գանգատ ներկայացուցին։ Սակայն նախքան այդ հայ աշակերտներու շրջանակին մէջ նկատառելի իրարանցում տիրեց։ Այսպիսի հարցերը փոքր հարցեր են, որոնք հայկական դպրոցներուն ներկայիս դիմագրաւած աւելի մեծ խնդիրները կ՚արտացոլացնեն։

Թուրքիոյ հայկական դպրոցները նկատառելի նիւթական եւ իրաւական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն։ Նկատառելի մէկ այլ արգելք մըն է նաեւ այս հարցերը մամուլին մէջ բացայայտ կերպով արծարծելուն պատճառով պատժամիջոցներու ենթարկուելու վախը։ Հայ կրթական մշակներու կարծիքով ոչ իսլամական համայնքներուն ու անոնց հաստատութեանց դէմ խտրականութիւնը տակաւին արմատացած կը մնայ պետական համակարգին մէջ։ «Զաման» այցելած է երկու դպրոցներ եւ զրուցած շարք մը ուսուցիչներու եւ տնօրէններու հետ, որոնց մեծամասնութիւնը խնդրած են իրենց անունները չհրապարակել։ Անոնք բացատրած են, որ մամուլի հետ առանց պաշտօնական արտօնութեան կապի մէջ մտած ըլլալու համար կրթութեան նախարարութեան կողմէ հետաքննուելէն կը վախնան։

Միջնակարգ դպրոցի մը տնօրէնը բացատրած է, որ հայկական վարժարանները արտառոց կացութեան մէջ են, որովհետեւ ո՛չ անձնական, ո՛չ ալ պետական դպրոց նկատուած են։ Հայերու, յոյներու եւ հրեաներու, որոնք Թուրքիոյ երեք «պաշտօնական» փոքրամասնութիւններն են, արտօնուած է իրենց կրօնական եւ կրթական հաստատութիւնները ունենալ, սակայն մեծ սահմանափակումներով։ Հայկական վարժարան կրնան յաճախել միայն այն թուրք քաղաքացիները, որոնց ծնողներէն առնուազն մէկը հայ է։ Պետութիւնը կը նշանակէ դպրոցին փոխ տնօրէնը, ինչպէս նաեւ թրքական պատմութեան, լեզուի, գրականութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչները։ Անոնք իրենց ամսականները կը ստանան պետութենէն, մինչ մնացեալ ծախսերը կը մնան ծնողներուն, անհատ նուիրատուներու եւ ֆոտերու ուսերուն։ Դպրոցներէն պահաջնուած է աշակերտները ընդունիլ անկախ այն իրողութենէն, թէ կրթաթոշակը կրնան վճառել, թէ ոչ, ինչ որ մնայուն լարուածութեան եւ ելեւմտական բեռի աղբիւր մըն է։

Թուրքիոյ մէջ այսօր գոյութիւն ունին միայն 16 հայկական դպրոցներ եւ 3000 հայ աշակերտներ։ 16 դպրոցներն ալ կը գտնուին Պոլսոյ մէջ, ուր Թուրքիոյ 60 հազար հայութեան մեծամասնութիւնը կը բնակի։ Երեսուն տարի առաջ այդ դպրոցներուն աշակերտութեան թիւը ներկայ թիւի կրկնապատիկն էր։ Կացութիւնը կտրուկ կերպով տարբեր էր Օսմանեան ժամանակաշրջանի վերջին հանգրուանին, երբ ամբողջ Անատոլուի տարածքին գոյութիւն ունէին շուրջ 2000 հայկական վարժարաններ եւ աւելի քան 170 հազար աշակերտներ։

Համաշխարհային առաջին պատերազմէն առաջ Օսմանեան կայսրութեան հայերը գլխաւորաբար կը բնակէին ներկայ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ։ Ատկէ նուազ քան տասնամեակ մը ետք, այդ թիւը նուազած էր նուազ քան կէս միլիոնի։ 1915-ին հարիւր հազարաւոր օսմանցի հայեր արմատախիլ եղան եւ դէպի Սուրիոյ անապատները բռնի քայլարշաւ կատարեցին։

1923-ին Թուրքիոյ հանրապետութեան հաստատումէն ետք, հայերու թիւը շարունակեց նուազիլ շարք մը քաղաքականութիւններու եւ ոչ իսլամ համայնքները թիրախ դարձնող դէպքերու պատճառով։ 1942-ի հարստութեան տուրքի նպատակը Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի Թուրքիոյ մասնակցութիւնը ֆինանսաւորելն էր, սակայն անհամեմատ կերպով գործադրուեցաւ ոչ իսլամներու վրայ։ Կալուածներ գրաւուեցան ու աճուրդով ծախուեցան, իսկ անոնք որոնք վճառելու անկարող էին Էրզրում նահանգին մէջ աշխատանքային ճամբար ուղարկուեցան։ 

Մէկ այլ տնօրէն մը յայտնած է, որ իրենք ելեւմտական եւ կրթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն եւ պետութիւնը երբեք չէ աջակցած իրենց։ Հայերը ինքնութեան մեծ հարց մը կը դիմագրաւեն։ Անոնց չէ արտօնուած Հայոց պատմութեան առնչուող որեւէ բան դասաւանդել։ Հայերէնով արտօնուած միակ նիւթերը լեզու եւ գրականութիւն են։

Անոնք չեն կրնար թրքական պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչները ընտրել։ Այս ուսուցիչները կ՚ուղարկուին կրթութեան նախարարութեան կողմէ։ Կացութիւնը ներկայիս մասամբ աւելի լաւ է, որովհետեւ հայկական դպրոցներուն մէջ թուրք ազգայնական ուսուցիչներ այլեւս չկան։

Հայ ընտանիքները իրենց զաւակները անձնական եւ այլ օտար դպրոցներ կ՚ուղարկեն։ Ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի նման լեզուները հայերէնէն աւելի կարեւոր կը նկատուին։ Ներկայիս Պոլսոյ հայ ուսանողներուն նուազ քան 50 առ հարիւրը հայկական վարժարաններ կը յաճախէ։

«Զաման» կը նշէ, որ իրենց այցելած հայկական երկու դպրոցներուն աշակերտները սահուն հայերէն կը խօսին։ 11 դասարանի աշակերտ մը նշած է, որ մինչ ինք եւ եղբայրը հայերէն կը խօսին, իր ծնողքը այդ լեզուն երբեք չէ սորված։ Բայցեւայնպէս, աշակերտները իրարու հետ առաջին հերթին թրքերէն կը խօսին եւ իրենք զիրենք այդ լեզուին մէջ հանգիստ կը զգան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.