30 հազար տոլարի նուիրահաւաք՝ ի նպաստ հայրենիքի ծնողազուրկ երեխաներու

Հայ Որբերու Օգնութեան Ընկերակցութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղի (The Society for Orphaned Armenian Relief – SOAR) կազմակերպութեամբ, Յուլիս 5-ին, Մոնթրէալի Հայ Աւետարանական Առաջին եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ դասական երաժշտութեան համերգ, որուն հասոյթը նպատակաուղղուած էր հայրենիքի մէջ ապրող ծնողազուրկ հայ երեխաներուն։ Համերգի պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած էին Հապիպ եւ Ֆիւլտա Մալոյեանները։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկերակցութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղի նախագահ տոքթ. Սարգիս Երէցեան, որ յայտնեց, թէ անցնող հնգամեակին, Մոնթրէալի մէջ ընկերակցութիւնը Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Վրաստանի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ հայ որբերու օժանդակութեան համար դրամահաւաքներ կազմակերպած է: Ան ըսաւ նաեւ, որ ընկերակցութեան գլխաւոր նպատակն է օգնել որբերուն՝ իրենց ֆիզիքական, զգացական եւ մտային զարգացման համար, որպէսզի անոնք ապագային դառնան ուսեալ եւ ինքնաբաւ անհատներ: Ընկերակցութիւնը Կիւմրիի մէջ ատամնաբուժական կեդրոն մը կահաւորած է արդիական գործիքներով, որմէ ձրիաբար կ՚օգտուին ոչ միայն որբերը, այլեւ Կիւմրիի բնակիչները:  Ընկերակցութիւնը սատարած է նաեւ Վարդաշէն գիւղի մարզասրահի նորոգութեան:

Համերգի ընթացքին ելոյթ ունեցան Մարինէ Գրիգորեան (սոփրանօ) եւ Էլի Պէրպէրեան (թէնօր), որոնք կատարեցին Փուչինիի, Վերտիի, Կոմիտասի, Տիգրանեանի եւ այլ դասական յօրինողներու ստեղծագործութիւններ։ Դաշնամուրով երգերուն ընկերակցեցաւ Կրէկորի Շահվէրտեան։

Նշենք, որ ընկերակցութիւնը այս տարի նիւթական յատուկ ծրագիրով օժանդակեց Արցախի 2016 թուականի Ապրիլեան պատերազմին նահատակուած հետախոյզ զինուորի երեք անչափահաս երեխաներուն եւ կողակիցին։

Հայ Որբերու Օգնութեան Ընկերակցութիւնը աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ ունի մասնաճիւղեր, որոնց գործունէութեան ծիրը կ՚ընդգրկէ ծնողազուրկ հայ երեխաներու նիւթական օժանդակութիւնն ու յատուկ ուսումնական ծրագիրներ։

Նուիրահաւաքէն գոյացած աւելի քան 30 հազար տոլարը պիտի օգտագործուի Գիւմրիի եւ Շիրակի մարզի այլ բնակավայրերու համար նախատեսուած շարժուն բուժարանի մը գնման։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.