Ատրպէյճանէն Տասնեակ Քաղաքացիներ Փորձած Են Արցախ Մուտք Գործել
1536
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ատրպէյճանի Պէյլական շրջանէն տասնեակ բնակիչներ, շրջանի գործադիր ղեկավար Վագիֆ Ապտուլլաեւի դէմ իբրեւ բողոք՝ փորձած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածք մուտք գործել՝ Ֆիզուլիի ուղղութեամբ: Տեղական իշխանութիւնները քանդած էին նշեալ քաղաքացիներուն բնակարանները:
Ըստ ատրպէյճանական «Կիւնհապեր» կայքին՝ ատրպէյճանցի քաղաքացիները տակաւին սահմանին վրայ կը մնան, մինչ շրջանի ղեկավարութիւնը որեւէ ձեւով չէ արձագանգած անոնց բողոքներուն: