Դեկտեմբեր 24, 2025
ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէն կը դատապարտէ նորագոյն ատրպէյճանական յարձակումը
- (0)

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ ատրպէյճանական վերջին յարձակապաշտ ընթացքը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ։ Յարձակողական նման ընթացքով ատրպէյճանական իշխանութիւնները կը խախտեն ՄԻՆՍԿ-֊ի խումբի սկզբունքային պայմանները։
ՀՅԴ Գանատայի կառոյցը կը խոնարհի նահատակուած հերոս տասնապետ Արմէն Յովհաննիսեանի յիշատակին առջեւ:
Դատապարտելով ատրպէյճանական կողմի զինուորական յարձակողական գործունէութիւնը, կոչ կ՚ուղղենք ՄԻՆՍԿ-֊ի խումբին, որ միջոցառումներու դիմէ նման ատրպէյճանական յարձակապաշտ ռազմական քայլերը արգելակելու:
ՀՅԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ