ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ ԵՒ ԱՊԱ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ ՀԱՅՐ ԵՒ ՈՐԴԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՒ ՄԻՆԱՍ ԼԵՒՈՆԵԱՆՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏԸ ԿԱՅԱՑԱՒ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ
- (0)
PERIO NEWS – Մօտաւորապէս չորս ամիս առաջ հայր եւ որդի Յովհաննէս եւ Մինաս Լեւոննեաները, որոնք Հալէպէն մօտ քսան քիլոմեթր հեռու գտնուող Սֆֆէ շրջանի իրենց գործարանին մէջ պատանդ բռնուած էին արմատական իսլամական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման զինեալներու կողմէ, սպաննուած են:
Չորս ամիս անոնք պատանդ մնալէ ետք, չորեքշաբթի 8 յունուար 2014-ին, երկու զինեալ խմբաւորումբերու բախումներու պատճառով հայր եւ որդի Յովհաննէս (1945-ի ծնունդ) եւ Մինաս (1975-ծնունդ) Լեւոննեաները սպաննուած են Հալէպի մէջ արմատական իսլամական ՏԱՀԵՇ խմբաւորման զինեալներու բանտերէն մէկուն մէջ, հարիւրէ աւելի այլ պատանդներու հետ։
Օրեր շարունակ սպաննուած Լեւոնեաններու ազգականները ամէն ջանք ի գործ դրած են, որպէսզի կարենան իրենց հարազատներուն դիակները առեւանգող կողմէն ստանձնեն եւ կարենան թաղմանական արարողութիւնը կատարել, սակայն ափսոս չեն յաջողած:
Յունուար 14-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայ առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է: Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան ընտանիքն ու հարազատները ցաւակցութիւնները ընդունած են Հայ Կաթողիկէ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Զուարթնոց) Աղաճանեան սրահէն ներս: