Դեկտեմբեր 24, 2025
Ռուսաստանի մէջ ահաբեկչութեան մեղադրանքով ձերբակալուած է ատրպէյճանցի քաղաքացի մը
- (0)

2013-ի Դեկտեմբեր 27-ին Ռուսաստանի Պիատիկորսք քաղաքի ոստիկանութեան շէնքին մօտ զետեղուած ռումբ մը պայթած էր պատճառելով 3 զոհ։ Յունուար 10-ին այդ ահաբեկչութիւնը գործադրելու մեղադրանքով ձերբակալուած է 6 հոգի, որոնցմէ մէկը ատրպէյճանցի քաղաքացի է։
Այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է Ռուսաստանի հակաահաբեկչական յանձնաժողովը, ուր կը նշուի, թէ իբրեւ կասկածելիներ ձերբակալուած են Ռամազան Խալիզովը, Վլատիմիր Խալիզովը, Շամիլ Ապտուլազիզովը, Շամիլ Գազիմագոմետովը, Մոհամէտ Զելիմխանովիչը և 1988-ի ծնունդ ատրպէյճանցի Մուրատ Աթաև։
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին՝ ձերբակալուածները արդէն խոստովանական ցուցմունք տուած են, որ նպաստած է կանխելու այլ ահաբեկչական գործողութիւն մը։