Գանատայի Թուրքերը Պէտք է Դատապարտեն եւ Ոչ թէ Արդարացնեն Ցեղասպանութեան Ժխտումը


 

 “Քալիֆորնիա Քուրիեր” թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.

Գանատայի թուրքերը անցեալ ամիս ձեռնարկած էին ստորագրահաւաք մը` պահանջելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բոլոր յղումներու վերացումը Թորոնթոյի աւագ դպրոցներու 11-րդ դասարանի ուսումնական ծրագիրէն:

Այս ստորագրահաւաքը մաս կը կազմէ թուրք ժխտողականներու երկարատեւ ջանքերու` փոխելու համար Թորոնթոյի շրջանային դպրոցական խորհուրդի (TDSB) 2008 թուականի որոշումը, որուն համաձայն աշակերտներուն կը դասաւանդէին Հայոց, Հրէական եւ Ռուանտական ցեղասպանութիւններուն մասին: TDSB-ի որոշումը յաջորդեց 2002 թուականին Գանատայի Ծերակոյտի եւ 2004 թուականին Խորհրդարանի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: Բացի այդ, 2006 թուականէն Գանատայի վարչապետները յաջորդաբար հանդէս եկած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման տարեկան պաշտօնական յայտարարութիւններով` հակառակ թրքական կառավարութեան կողմէ բուռն քաղաքական ճնշման ու տնտեսական շանթաժին:

Դեռ 2008 թուականին թրքական այլ նմանատիպ ստորագրահաւաքով մը չյաջողեցաւ ստիպել TDSB-ին փոփոխելու ցեղասպանութեան ուսումնական ծրագիրը` աւելի քան 11 հազար ստորագրութիւն հաւաքելէ ետք, յատկապէս Թուրքիայէն: Իսկապէս, Անգարայի կառավարութիւնը եւ Թորոնթոյի մէջ անոր թրքական կամակատարները վերջին եօթ տարիներու ընթացքին ըրած են հնարաւոր ամէն ինչ այս ուսումնական ծրագիրը խափանելու համար:

Ստորեւ մէջբերուած են թրքական դիմումնագիրով ներկայացուած անհիմն բողոքները TDSB-ի ցեղասպանութեան ուսումնական ծրագիրին դէմ` անոնց յաջորդող իմ հերքումներով.

– Թրքական դիմումնագիր . «Իբրեւ Թորոնթոյի դպրոցներ յաճախող աշակերտներու թրքախօս ծնողներ, մենք խորապէս մտահոգուած ենք “Հայոց Ցեղասպանութեան” վերաբերեալ ներկայիս ուսումնական ծրագիրի եւ 2008 թուականէն TDSB-ի կողմէ ընդունուած ուսումնական նիւթի բացասական ազդեցութեամբ”:

Իմ պատասխանը. Թորոնթոյի դպրոցներուն մէջ ՈՉ մէկ բռնութիւն կամ ճնշում կիրառուած է իբրեւ թուրք աշակերտի նկատմամբ, չնայած որ ցեղասպանութեան ուսումնական ծրագիրը քանի մը տարի կը դասաւանդուի: Պատճառը այն է, որ հայերը այսօրուան անհատ թուրքերը պատասխանատու չեն համարեր այն ոճրագործութիւններուն համար, որոնք Օսմանեան Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իրագործուած են գրեթէ 100 տարի առաջ, բացառութեամբ անոնց, որոնք ժխտողականութեամբ իրենց կը շաղկապեն այդ ոճիրներուն հետ: Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ, պատասխանատւութիւն կը կրէ Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակուող հետեւանքներու համար: Ցեղասպանութեան փաստերու ժխտումը շատ աւելի լուրջ բացասական հոգեբանական ազդեցութիւն ունի հայերուն վրայ, քան ուսումնական ծրագիրին մէջ անոր ընդգրկումը` թուրքերու վրայ: Աւելին, ճշմարտութիւնը կարելի չէ  թաքցնել միայն այն պատճառով, որպէսզի անիկա չվիրաւորէ անոնց զգացմունքները, որոնք կ’ուզեն քօղարկել պատմական իրողութիւնները: Կարելի՞ է արդեօք պաշտպանել հրէական Հոլոքոսթի ջնջումը պատմութեան դասագիրքերէ ժամանակակից գերմանացիները չվիրաւորելու համար:

– Թրքական դիմումնագիր. “Հայերու Ցեղասպանութեան վերաբերեալ դասագիրքը եւ այլ գիրքեր, ինչպիսին է Պարպարա Քոլորոսոյի “Արտասովոր չարիքը”, անընդհատ կը վարկաբեկեն համայնքի մը նկարագրութիւնը միւսներուն հանդէպ եւ բացասական ազդեցութիւն կ’ունենան Թորոնթոյի դպրոցներու թրքական ժառանգութեամբ աշակերտներուն վրայ”:

Իմ պատասխանը. Չի կրնար երկու տարբերակ կամ երկու վարկած ըլլալ Հայոց Ցեղասպանութեան ապացուցուած փաստերուն վերաբերեալ: Կայ միայն մէկ ճշմարտութիւն:

– Թրքական դիմումնագիր. “Մենք խորապէս համոզուած ենք, որ փոխադարձ յարգանքի, փոխըմբռնման եւ խաղաղ գոյակցութեան արժէքները կրնան ձեռք բերուիլ պատմութեան մասին ազնիւ եւ բաց երկխօսութեան միջոցով: Աւելին, արդար եւ անաչառ ուսուցումը պիտի հիմնուած ըլլայ պատմական փաստերու, այլ ոչ թէ միայն ընտրեալ համայնքներու պատումներուն վրայ, անտեսելով միւսները: Պէտք է նաեւ նշել, որ այս պատմական պնդումներէն որեւէ մէկուն վերաբերեալ դատավճիռ գոյութիւն չունի, իսկ պատմաբաններու կարծիքները կը տարբերին այս իրադարձութիւններու մանրամասներուն եւ սահմանումներուն առնչութեամբ”:

Իմ պատասխանը. “Փոխադարձ յարգանքը, փոխըմբռնումը եւ խաղաղ գոյակցութիւնը” չեն կրնար ձեռք բերուիլ խեղաթիւրումներու եւ կեղծիքներու միջոցով: Միայն ճշմարտութիւնը ընդունելէ եւ համապատասխան հատուցումէ ետք Գանատայի թուրքերը կրնան խօսիլ նման վեհ գաղափարներու մասին: Բացի այդ, հակառակ թրքական պնդումներուն, կայ քանի մը դատավճիռ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, սկսեալ 1919 թուականի թրքական ռազմական դատարաններու վճիռներէն մինչեւ արժանթինական, զուիցերիական եւ ամերիկեան դատարաններու վճիռները: Ուշագրաւ է, որ ՄԱԿ-ի խտրականութեան կանխարգելման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբը 1985 թուականին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին զեկոյց ընդունած է: Իւրաքանչիւր ցեղասպանութեան ամենաճիշդ  ատեանը Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնն է, քանի որ Ցեղասպանութեան համաձայնագիրը ՄԱԿ-ի փաստաթուղթ է:

Ամփոփելով` նշենք, որ թրքական այս վերջին դիմումնագիը դատապարտուած է լիակատար ձախողման, քանի որ անոր նախաձեռնողը` Գանատայի թրքական միութիւններու դաշնութիւնը, առայժմ հաւաքած է 2000-էն ալ պակաս ստորագրութիւն, երբ կը պնդեն, թէ Գանատայի մէջ ունին 200.000 անդամ: Հետաքրքրական է, որ ստորագրողներուն մեծ մասը ոչ թէ Գանատայէն է, այլ Թուրքիայէն, ուր դիմումնագիրը լայնօրէն տարածուած է կայքէջերու մէջ:

Գանատայի թուրքերուն համար աւելի արժէքաւոր նախաձեռնութիւն պիտի ըլլայ այլ  դիմումնագիր մը ձեռնարկել, կոչ ընելով թրքական կառավարութեան ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պատշաճ փոխհատուցում կատարելու այս հրէշաւոր ոճրագործութեան զոհերու ժառանգներուն՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով:

 

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.