28 Մայիս 1918-ն իրական անկախութեան հիմնաքարն է
- (0)

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Մեր ժողովուրդի իրական եւ վաւերական պատմութեան մէջ 28 մայիս 1918-ն հայութեան վերընձիւղման, անկախութեան վերատիրացման եւ արդի ու ժողովրդավար պետութեան հիմնադրութեան անվիճելի թուականն է:
Վեց դար ամբողջ օտարին բռնակալ տիրապետութիւնը ո՛չ յաջողած էր իր գրաւած հողատարածքները օտարել, ո՛չ հայը պարպել իր հայկականութենէն, ո՛չ ալ ազատութեան եւ անկախութեան ձգտումը մարել անոր մէջ:
Օտարը գրաւեց հայուն հողը, բայց այդ հողը մնաց հայկական:
Օտարը փորձեց այլասերել հայը, բայց հայու հոգին մնաց հայկական, ու սիրտը` հայատրոփ:
Այդ օրերուն ալ կային ուծացածներ, իրապաշտ իմաստակներ ու երազներու չհաւատացող, իրեն տրուածով գոհացող, օտարին ջաղացքին ջուր լեցնող հայանուն մարդիկ:
Բայց երբ հնչեց «զանգը, ահազանգը», խենթերը գտան հնարը եւ Սարդարապատով, Ղարաքիլիսէով ու Բաշ Ապարանով կերտեցին անկախութիւն:
Դաշնակցական ղեկավարին, զինուորական հրամանատարին եւ Հայ եկեղեցւոյ հոգեւորականին առաջնորդութեամբ, մեր ժողովուրդը` ցեղասպանուած ու գաղթական, հիւծած ու տկար, միահամուռ կերպով բռնցքուեցաւ եւ պատմական Ո՛Չ ըսաւ թրքական ուժերուն ու մերժեց Հայաստանի եւ հայութեան թրքացումը:
Եւ 28 մայիս 1918-ն եղաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնաքարը, որուն վրայ կառուցուեցաւ անկախ Հայաստանը, առանց որուն` ո՛չ Խորհրդային Հայաստանը եւ ո՛չ ալ այսօրուան Հայաստանը գոյութիւն կրնային ունենալ:
Առանց 28 մայիս 1918-ին` Հայաստանը պիտի թրքանար, իսկ հայութիւնը պիտի դառնար թուրք:
28 մայիս 1918-ն ոչ միայն Հայաստանը ազատագրեց թշնամիին ճիրաններէն, այլ համայն հայութեան, Հայաստանի եւ այդ օրերուն տակաւին նոր թուրքին Ցեղասպանութեան եւ բռնի տեղահանութեան ենթարկուած ու սփիւռքացած հայութեան տուաւ` մէկ ազգի եւ մէկ հայրենիքի պատկանելու իրականութիւնը, հպարտութիւնը, ապագան յոյսով տեսնելու մարտունակութիւնը եւ Հայաստանը` իբրեւ իր հազարամեակներու տուն, հոն վերադառնալու եւ կենսագործելու հաւատքն ու կարելիութիւնը:
Ահա թէ ո՛ւր կը կայանայ 28 մայիսի կարեւորութիւնը, մեր ժողովուրդի գոյութիւնը հունաւորող իմաստը եւ հայութեան ու Հայաստանի գոյատեւումը ապահովող արժէքը:
Քաղաքական նեղ եւ անմիտ հաշիւներով, հատուածական ժամանակավրէպ մտածումներով եթէ տասնամեակներ ամբողջ պարարտ հող ունէին ուրացումը, խեղաթիւրումը եւ նենգափոխութիւնը, այնուհետեւ, խորհրդային կարգերու քանդումէն ետք, փաստօրէն անկախ Հայաստանի եռագոյն դրօշը դարձեալ ծածանեցաւ, Արարատով զինանշանը դարձաւ հանրապետութեան զինանշան, ու «Մեր հայրենիք»-ը դարձաւ համայն հայութեան քայլերգ:
Ու երբ վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր սահմանադրութեամբ եւ անկախութեան հռչակագիրով տէրը դարձաւ հայ ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան, ազատագրուեցաւ հայկական բնօրրան Արցախը, հաստատուեցաւ պետականութիւն, եւ հռչակուեցաւ անկախութիւն:
Համայն հայութեան համար ներկայ ժամանակներու դժխեմ այս փուլին պատմութեան անծանօթ, օտարի ծառայութեան գործիք դարձած, նենգափոխութեան մասնագէտներ կրնան խեղաթիւրել պատմական իրականութիւնները, «նոր իրականութիւն» յերիւրել, խաբել ժողովուրդը սին ու մաշած խոստումներով եւ հայրենիքը վերադարձնել այն օրերուն, երբ թրքական ուժերը պատրաստ էին շարունակելու համաթուրանականութեան եւ համաթրքացման իրենց ծրագիրը` գրաւել Հայաստանը, գրաւել Երեւանը, շարունակել հայասպանութիւնը, ցեղասպանութիւնը եւ իրագործել Հայաստանը առանց հայու վարքագիծը:
Եւ երբ Հայաստան կ՛ըսենք, կը խօսինք մե՛ր Հայաստանին մասին` իր Արցախով, դէպի Արարատ նայող եւ զայն ի՛րը նկատող ու անոր վերադարձին համար պայքարող հայ ժողովուրդի Հայաստանին մասին: Հայաստանը, ուր հայութիւնը կ՛ուզէ ապրիլ արժանապատիւ խաղաղութեան, իրական անկախութեան ու ժողովրդավար կարգերով գերիշխան պետութեան մէջ, հովանիին տակ` իր իրաւունքները պաշտպանող, մրցունակութիւնը արդար եւ հաւասար սկզբունքներու վրայ հիմնած իշխանութեան, որ կը յարգէ մարդու իրաւունքը, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պատմական գոյութիւնը, ազգային արժեհամակարգը:
Այլ խօսքով` համայն հայութեան ու Հայաստանին արժանի եւ Հայաստանը ամուր ու յաղթական տեսնող, ոչ թէ օտարին ծրագիրները իրականացնող պետութեան մը մէջ:
Պարտութիւններ, կրնան պատահիլ ժողովուրդներու եւ հայրենիքներու մէջ:
Պարտութիւնը, սակայն, պետական ռազմավարութիւն չի կրնար դառնալ:
Յաղթելու համոզումը, հաւատքը, պատրաստակամութիւնն ու պայքարը միայն կը կերտեն անկախ ու գերիշխան պետութիւն:
28 մայիս 1918-ն իրական անկախութեան հիմնաքարն է: