Բանտարկուած Նշանեանը Կը Խոստանայ Պայքարը Շարունակել


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Բառարանագէտ ու շինարար Սեւան Նշանեան Հինգշաբթի, Յունուար 2ին յանձնուեցաւ Թորպալըի բանտի վարչութեան ու բանտարկուեցաւ երկու տարուան պատիժով։ Նշանեանի դէմ քաղաքական բնոյթի անհամար դատեր բացուած են, բայց այս դատապարտումը եկած է Շիրինճէի մէջ առանց արտօնութեան կառուցուած տուներուն համար։
Նշանեան բանտ մտնելէ առաջ խօսեցաւ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ ու ըսաւ, որ կեանքը բանտին մէջ ալ կը շարունակուի եւ ինք վարժուած է բանտարկուելու, իսկ բանտէն ելլելէ ետք պիտի շարունակէ իր պայքարը։
Նշանեան նաեւ յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ դատական համակարգը խայտառակ վիճակի մէջ է եւ ասիկա այլեւս ամէն մարդ գիտէ։ «Թուրքիոյ մէջ այլեւս գոյութիւն չունի խելք, խղճմտանք ու մարդասիրական զգացում։ Այսօրուան խնդիրը Կիւլենի համայնքին կամ դատախազներուն խնդիրը չէ՛, խնդիրը շա՛տ աւելի խորունկ է։ Ես բանտէն ելլելէ ետք ալ պիտի շարունակեմ պայքարիլ», աւելցուց ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.