Չիլինկիրեանները 200,000 Տոլար Կը Նուիրեն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան


ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով, գնահատելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ ընդառաջելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի փափաքին՝ լիբանանահայ ազգայիններէն տէր եւ տիկին Յակոբ Չիլինկիրեանները երկու հարիւր հազար տոլար նուիրեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
Սոյն գումարէն 100,000 տոլար պիտի յատկացուի որպէս հիմնադրամ՝ կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին առնչուած ծրագիրներուն, անոր հիմնադրութեան 40ամեակին առիթով, իսկ միւս 100,000 տոլարը՝ կաթողիկոսարանի տեղեկատուական գրասենեակի հեռատեսիլի ու ձայնասփիւռի բաժանմունքի նոր սարքաւորումներու գնման:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.