Ատրպէյճան Կը Բողոքէ Մաքսային Միութեան Հայաստանի Անդամակցութեան Դէմ


ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճան պաշտօնական բողոք յայտնած է Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան դէմ՝ պնդելով, թէ այդ անդամակցութիւնը տեղի պէտք է ունենայ միայն «ատրպէյճանական գրաւեալ տարածքներէն» Հայաստանի ուժերու հեռացումէն եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումէն ետք:
«Թրենտ» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմի հասարակական-քաղաքական հարցերու բաժինի վարիչ Ալի Հասանով աւելցուցած է, թէ «իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղը եւ անոր յարակից եօթը շրջանները բռնագրաւած երկիր, Հայաստանի մուտքը որեւէ միութիւն կամ միաւորում կը հակասէ միջազգային իրաւունքին»:
Հակառակ պարագային, ըստ Հասանովի՝ որեւէ միութեան անդամակցելու պահուն, «Հայաստանի տարածքը եւ սահմանները պիտի հակադրուին միջազգային օրէնքներուն, իսկ անդամակցութիւնը պիտի հանդիսանայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան խախտում»:
«Այդ պետութիւնը պէտք է կա՛մ պաշտօնապէս ճանչնայ գրաւեալ տարածքներուն նկատմամբ յաւակնութիւնները եւ անոնց կառոյցները, կա՛մ ալ պէտք է վերադարձնէ այդ հողերը եւ ՄԱԿի կողմէ հաստատուած տարածքներով դառնայ միութիւններու անդամ», յայտարարած է Հասանով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.