Երեւանաբնակ սուրիահայերուն ներկայացուեցաւ «Նոր Հալէպ» թաղամասի յատակագիծը


 

 

Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայերուն համար կառուցուող «Նոր Հալէպ» թաղամասի նախագիծին հեղինակները՝ Վահէ եւ Գոհար Թութունճեանները 11 Դեկտեմբերին ներկայացուցած են թաղամասին ամբողջական յատակագիծը:

Գամիշլիէն Հայաստան եկած սուրիահայերէն մէկը «Փանորամա»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ այս ծրագիրին առնչուող յոյսեր ունի, որովհետեւ իր տունէն հեռու եղող իւրաքանչիւր սուրիահայ կ՛ուզէ բնակարան ունենալ։

«Նոր Հալէպ» թաղամասը պիտի կառուցուի Աշտարակի մէջ՝ դէպի Էջմիածին տանող մայրուղիին վրայ: Ըստ նախագիծին, թաղամասը ունի երկու շէնք եւ ակմբային շէնք: Ընդհանուր 488 միաւոր բնակելի տարածք է, ուր բնակարաններ կան 2000 անձի համար։

«Կան նաեւ երկյարկանի առանձնատուներ, որոնք 2 եւ 4 սենեակնոց են: Ընդհանուր նախագիծը ունի նաեւ խանութներու բաժին, որմէ եղած մուտքը պիտի գործածուի շէնքերը պահպանելու եւ մաքուր պահելու ծախսերուն համար: Ակումբը պիտի ծառայէ մշակութային կեանքը պահպանելու: Նաեւ առողջապահական հատուած պիտի ըլլայ, լողաւազան, պասքէթպոլի եւ թենիսի դաշտեր: Կը նախատեսուի նաեւ մանկապարտէզ կառուցել, եթէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ նաեւ դպրոց պիտի հաստատուի», յայտնած է ճարտարապետ Վահէ Թութունճեանը:

Թաղամասը, որ պիտի կառուցուի հայկական տուֆով, պիտի ունենայ նաեւ ստորերկրեայ կառատուն։

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ Հայաստանի նախագահին յանձնարարութեամբ ծրագիրը սկսած է Յունիսի վերջը, իսկ հողի նուիրատուութեան հարցը լուծուած է Աշտարակ քաղաքին կողմէ: «Մենք եկել ենք նրա համար, որ դուք ունենաք բնակարան լաւ պայմաններով, բայց էժան գնով: Մենք ուզում ենք լուծել հայրենիքում արագ հաստատուելու եւ էժան ձեւով բնակարան ձեռք բերելու հարցը: Եթէ մարդիկ ցանկանում են այդ տարածքում ապրել, ապա պէտք է արդէն սկսուեն նախնական վճարումները: Իւրաքանչիւր մէկն, ով ուզում է բնակարան ունենալ, պէտք է ներդրում անի, մենք էլ պիտի գումարներ հայթայթենք, նուիրաբերենք, որ ամբողջացնենք ծրագիրը», յայտնած է նախարարը՝ աւելցնելով, որ ներկայ դրութեամբ 625 անձ դիմած է ծրագիրին:

Յարդարուած եւ վերջնական տեսքի բերուած բնակարաններուն քառակուսի մեթրը, ըստ նախնական հաշիւներու, պիտի արժէ 500-550 տոլար, իսկ տակաւին չամբողջացած վիճակի մէջ՝ 350-400: Ճարտարապետ Վահէ Թութունճեան յայտնած է, որ մարդիկ կրնան ընտրութիւն կատարել եւ եթէ ուզեն իրենք ամբողջացնեն յարդարման բաժինը, սակայն այս բոլորը միեւնոյն ատեն պէտք է ըլլայ, որպէսզի կարելի ըլլայ թաղամասը օգտագործելու սկսիլ։

Հանդիպումին հրաւիրուած էին նաեւ դրամատուներու ներկայացուցիչները, որոնք ներկայացուցած են վարկաւորման պայմանները եւ գործընթացը։

Հրանոյշ Յակոբեան լրագրողներուն տեղեկացուցած է, որ ներկայ դրութեամբ մեծագոյն ներդրումը կատարած է «Գրանդ Քէնդի» ընկերութիւնը. «Օգնութեան մասին յայտնել են նաեւ Սամուէլ եւ Կարէն Կարապետեանները: Մարդիկ ներդրումներ են կատարում սկսած երկու դոլարից: Կան համայնքներ, որ 5000ից մինչեւ 100,000 դրամ են նուիրաբերում: Այս ծրագիրը նաեւ բարեսիրական ուղղութիւն պիտի ունենայ, ամէն մի հայ պէտք է օգնի սիրիահային»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.