Սիլիքոն Հովիտէն Աւելի Քան 80,000 Տոլար՝ Ի Նպաստ Քաշաթաղի Վերաբնակեցման Ծրագիրին
ԼՈՍ ԱԼԹՈՍ ՀԻԼԶ, Քալիֆորնիա.- Նոյեմբեր 22ի շաբաթավերջը, 75 բարեկամներ հաւաքուած էին Ադամ եւ Ռիթա Քապլանեաններու շքեղ բնակարանը, իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար Արցախի վերաբնակեցման նպատակով կազմակերպուած դրամահաւաքի ձեռնարկին:
Քալիֆորնիոյ Սիլիքոն հովիտի Լոս Ալթոս Հիլզ քաղաքին մէջ իրականացած սոյն ձեռնարկին, ութ ընտանիքներ խոստացան աւելի քան 80,000 տոլար տրամադրել այն ծրագիրին, որուն նպատակն է բնակարաններ վերանորոգել կամ ամբողջովին նոր բնակարաններ կառուցել, աւելի մեծ թիւով հայեր Արցախ ներգրաւելու նպատակով:
Այս նախաձեռնութիւնը իրականացնելու նպատակով գոյացած յանձնախումբի ատենապետ Ժիրայր Սարգիսեան խօսեցաւ Քաշաթաղի (Լաչին) բնակչութեան դիմագրաւած դժուարութեանց մասին՝ շեշտելով, թէ ամբողջ հայութեան պարտականութիւնն է նեցուկ կանգնիլ Արցախը հայութեամբ վերաբնակեցնելու նախաձեռնութիւններուն:
Յանձնախումբի գանձապահ Մարտօ Գաբրիէլեան աւելցուց, թէ նման կարճ ժամանակամիջոցի մէջ գոյացած այս գումարը քաջալերական է ու ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն կարեւոր ռազմագիտական նշանակութիւն ունի այս ծրագիրը՝ միաժամանակ բացայայտելով Ծոցի շրջանի հայութեան առատաձեռնութիւնը: