Ճան Քերի Խոստացած Է Հայաստան Այցելել 2014ին


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի յառաջիկայ տարի Հայաստան պիտի այցելէ, ի նշան հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու ջերմութեան: 2014ին Հայաստան այցելելու խոստումը Քերի տուած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ու արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին՝ ըստ «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթին, որ իր կարգին այդ տեղեկութիւնները քաղած է Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Հեֆըրնէն:
«Այժմ Ամերիկա աւելի քան երբեք կը փափաքի բարելաւել եւ խորացնել հայ-ամերիկեան գործընկերութիւնը», ըսած է դեսպանը՝ ըստ նոյն օրաթերթին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.