Թորոնթոյի մէջ Նշուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 123-րդ Տարեդարձը

 

Ժողովուրդէն ծնած եւ ժողովուրդին ծառայող 123-ամեայ անձնուէր ծառայութեան հաստատակամ ուղիով իր երկար ճանապարհը կտրած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 123-րդ տարեդարձը մեծ շուքով տօնակատարուեցաւ Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնէն ներս, շաբաթ 7 դեկտեմբերին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» կոմիտէութեան, «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան եւ ԳԵՄի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղին:

Վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգելէ ետք մեզմէ առհաւէտ բաժնուած ազատամարտիկներու եւ ընկերներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի աղիտալի երկրաշարժի անմեղ զոհերու յիշատակը, ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւններու անդամները ելոյթ ունեցան «Մեր Հայրենիք» եւ «Մշակ Բանուոր» Քայլերգներով:

ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան անդամ՝ Շանթ Նաճարեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ:  Ան յայտնեց որ Հայ ժողովուրդի երկունքէն ծնունդ առած ՀՅԴաշնակցութիւնը 123 տարիներ պայքարեցաւ ու տակաւին կը պայքարի իր պատմութեան խաւարագոյն էջերը պայծառացնելու, սկսեալ ֆետայական շարժումներէն, անցնելով Հայաստանի անկախութեան կերտումէն, սփիւռքի մէջ գաղութները պահպանելու աշխատանքէն, հասնելով Արցախի ազատագրումին, եւ վերանկախացած հայրենիքի հզօրութիւնը ապահովելու գործին: Նաճարեան նաեւ նշեց որ ճիշդ 25 տարիներ առաջ Հայ ժողովուրդը ենթարկուեցաւ այս անգամ բնութեան աղէտին, 1988-ին Հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժով, որու օժանդակութեան աշխատանքներուն համար դաշնակցութիւնը բերաւ առիւծի բաժինը: Խօսքը աւարտելով, Նաճարեան յայտնեց որ այսօր սփիւռքեան այս հեռաւոր ափերուն, կրկին հաւաքուած ենք մեր ուխտը վերանորոգելու, եւ խուռներամ շարքերով շարունակել ծառայելու մեր ազգին ու հայրենիքին: 

Ապա, Նաճարեան հրաւիրեց Հայր Մեղրիկ Ծայրագոյն Վարդապետ Բարիքեանը որ Սբ Աստուածածին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ նուէր մը յանձնեց ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» Կոմիտէութեան, յանձինս հերթապահ՝ Վարանդ Պարսամեանի:

Դաշնակցութեան 123-ամեակի առիթով, ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» Կոմիտէութեան խօսքը փոխանցեց Տոքթ. Խաժակ Գուլաճեան: Ի տես ներկայ բազմութեան, Գուլաճեան յայտնեց որ երեկոն կենդանի փաստ է այն իրողութեան որ 123 տարեկան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը տակաւին հայ ժողովուրդին մօտ երիտասարդօրէն ապրող ու գոյատեւող կուսակցութիւն է, որ 123 տարիներու ընթացքին յաջողած է իր շուրջ համախմբել հաւատարիմ հատուած մը, որ միշտ իր ներկայութեամբ կ’ապացուցանէ թէ զօրաւոր հաւատք ունի ՀՅԴաշնակցութեան առաքելութեան ու որոշումներուն հանդէպ: Ապա ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութեան շնորհակալական ջերմ զգացումները փոխանցեց թորոնթոհայութեան՝ անսալու  կոմիտէութեան բոլոր կոչերուն եւ ընդառաջելու ՀՅԴաշնակցութեան բոլոր առաջարկներուն, աւելցնելով որ անոնց իւրաքանչիւր նիւթական թէ ֆիզիքական ներդրումը՝ Կոմիտէութեան աշխատանքներուն ու ձեռնարկներուն, մեծ դեր արձանագրած է յաջողութեան մէջ եւ կոմիտէութեան բոլոր յառաջխաղացքները կը պարտին իրենց:

Գուլաճեան ներկայացուց ՀՅԴաշնակցութեան առջեւ ցցուող այսօրուան երեք հրատապ խնդիրները՝ Հայրենիք, Սուրիոյ հայութիւն եւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակ, աւարտելով որ Ազգային ազատագրական պայքարը հասած չէ իր լրումին: Խօսելով Թորոնթոյի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին, Գոլաճեան յայտնեց որ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները ամէնուրէք եւ Թորոնթոյի մէջ հսկայական աշխատանքներ կը տանին չեզոքացնելու եւ ձախողեցնելու համար Հայ Դատի աշխատանքները, նամանաւանդ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին, եւ կոչ ուղղեց միակամ ներկայանալու որպէս մէկ հաւաքականութիւն, դէմ դնելու այդ աշխատանքին: Անդրադառնալով Թորոնթոյի մէջ առկայ կրթական, ազգային, եւ երիտասարդական հարցերուն, յայտնեց որ «Ս. Թէհլիրեան» Կոմիտէութիւնը ատակ է ամէնէն ծանր պարտականութիւններն իսկ ստանձնելու որովհետեւ ինքնավստահութիւնը ունի իր ուժերուն եւ համակիրներուն, շեշտելով որ ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» կոմիտէութիւնը թորոնթոհայ գաղութի գոյատեւման մէկ կարեւոր կռուանն է:

Խօսքի աւարտին, Գուլաճեան ներկաները հրաւիրեց ուխտելու որ  մասնակցին Հայ Դատի աշխատանքներուն, նեցուկ կանգնին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին եւ անոր տարած աշխատանքներուն եւ շարունակեն կերտել հայկական զուտ դիմագիծով թորոնթոհայ գաղութ մը որ պիտի կարենայ դիմակալել ներքին տեղական դժուարութիւնները եւ կարենայ ձեռք երկարել սուրիահայութեան եւ Հայաստանին:

Գուլաճեանի խօսքին յաջորդեց ՀՅԴ «Քրիստափոր» Պատանեկան Միութենէն պատանի ընկերներու ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղ փոխանցման  արարողութիւնը: Արարողութիւնը վարեց ՀՅԴ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Տարօն Քէսքինեան: Ան հակիրճ ձեւով բացատրեց պատանիներուն որ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի շարքերէն ներս պիտի ամբարեն բազմաթիւ գիտելիքներ դառնալու համար Հայ Դատի պաշպան զինուորներ եւ պիտի դաստիարակուին իբրեւ ապագայ շարքային Դաշնակցականներ:  Նկատի ունենալով որ 2013 թուականը կը զուգադիպի ՀՅԴաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան անդամ եւ Դաշնակցութեան խիղճի, բարոյական եւ գաղափարական սկզբունքներու մարմնաւորումը խորհրդանշող՝ Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100-ամեակին, Քէսքինեան յայտնեց որ փոխանցուուղ պատանիները յատուկ հունձք մը կը ներկայացնեն, մասնաւորաբար Թորոնթոյի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղին համար եւ առ այդ պէտք է Զաւարեանի օրինակով՝ անսահման զոհաբերութեամբ մօտենան իրենց միութեանական աշխատանքներուն։ ՀՅԴ «Քրիստափոր» պատանեկան միութենէն 13 պատանիներ տուին իրենց խոստումը եւ փոխանցուեցան ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղը:

Պաշտօնական բաժինի աւարտին, բեմ բարձրացաւ ազգային-յեղափոխական երգերու երիտասարդ բայց արդէն հանրածանօթ կատարող՝ Քրիստափոր Արապեան որ երեկոն թնթացուց ազգային-յեղափոխական երգերով: Յեղափոխական երգերով կարճ ելոյլ մը ունեցաւ նաեւ թորոնթոհայ երգիչ՝ Յարութ Պետրոսեան:

Կէս գիշերին, տեղի ունեցաւ 123-ամեակի կարկանդակի հատում, ձեռամբ կոմիտէութենէն երէց ընկեր՝ Յովսէփ Արապեանի եւ կրտսերպատանի Նարէ Պէքմէզեանի, ինչպէս նաեւ հերթապահ՝ Վարանդ Պարսամեանի եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ՝ Նորայր Պէրպէրեանի: Ապա ներկաները հրաւիրուեցան մասնակցելու մոմավառութեան:

Երեկոն շարունակուեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերով:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.