Մհեր Ջուլհաճեանի ծննդեան 46-ամեակը նշուեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ


 

 

Նոյեմբեր 28-ին, զոհուած ազատամարտիկ, համալսարանի նախկին ուսանող լիբանահայ Մհեր Ջուլհաճեանի յիշատակին նուիրուած հանդիսութիւն կազմակերպուած էր Երեւանի պետական համալսարանին մէջ:

Մհեր ծնած է 28 Նոյեմբեր 1967-ին, Պէյրութ: Պատանի տարիքին Կ՚անդամակցի Հ.Յ.Դ. «Նաւասարդեան» Պատանեկան Միութեան: 1984-ին մաս կը կազմէ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄ) «Րաֆֆի» Մասնաճիւղին: Մհեր ԼԵՄի մէջ կը ստանձնէ վարչական եւ այլ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ, միշտ պատնէշի վրայ մնալով` լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան ամէնէն դժուարին պայմաններուն մէջ:

1986-ի Փետրուարին Մհեր կը մտնէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան, կը հետեւի բնագիտութեան ճիւղին եւ 1989 Դեկտեմբերին կը ստանայ գիտութեան պսակաւորի վկայականը: Համալսարանական ուսումը կը շարունակէ երկրաբանութեան բաժանմունքին մէջ:

1989-ին Մհեր կը նշանակուի Հ.Յ.Դ. «Բաբգէն Սիւնի» Պատանեկան Միութեան վարիչ եւ այս պարտականութիւնը կը կատարէ մինչեւ Մարտ 1991: 1990-ի Հոկտեմբերին ան կու տայ դաշնակցականի իր երդումը եւ կ՚անցնի Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան շարքերը: 1992-ին կ՚ամուսնանայ եւ կը մեկնի Հայաստան: Արցախի մէջ մասնակից կը դառնայ ազատամարտին։

23 Օգոստոս 1993-ին ընկ. Մհեր կը նահատակուի զինակից չորս ընկերներուն հետ, Արցախի Մարտունի շրջանի Մարզիլի գիւղին մօտ, երբ Մերուժան Մոսիեանի, Արտակ Մնացականեանի, Լեւոն Համբարձումեանի եւ Ռուդիկ Աւագեանի հետ կը ստուգէին հայկական ուժերու դիրքերը:

«Եթե ժամանակը մարդուն զինուոր է դարձնում, ուրեմն զինուելու ժամանակն է, ու մարդը պիտի գնայ մահուան ընդառաջ», այս էր Մհերին նշանաբանը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.