World Vision կ՚ահազանգէ Հայաստանի մէջ աղջիկ ծնունդները արհեստականօրէն վիժեցնելու երեւոյթին մասին


 

«Ուըրլտ Վիժըն Ինթըրնաշհընըլ», յատուկ զեկոյցով մը անցնող օրերուն անդրադարձած է Հայաստանի մէջ կատարուող երեւոյթի մը, որ կը վերաբերի սեռի վրայ հիմնուելով յղութեան արհեստական ընդհատման նիւթին, յայտնելով, որ ամէն տարի Հայաստանի մէջ չի ծնիր 1400 աղջիկ, որովհետեւ անոնց մայրերը իգական սեռի երեխայ լոյս աշխարհ բերելու փոխարէն կը նախընտրեն յղութիւնը արհեստականորէն ընդհատել կամ նորածինի սաղմը վիժեցնել։

Ըստ մասնագէտներու հաշուարկներուն, մինչեւ 2030 թուական, Հայաստանի մէջ յղութեան արհեստական վիժումներու «զոհ» դարձած աղջիկներուն թիւը պիտի հասնի 90 հազարի։ Այսինքն՝ յառաջիկայ 16 տարիներուն, 90 հազար հայուհիներ, որոնք պիտի ծնէին եւ ապրէին, պիտի չծնին:

Ներկայիս Հայաստանի իշխանութիւնները կը քննարկեն օրինագիծ մը, որ բժիշկներուն պիտի արգիլէ մինչեւ 22 շաբաթ ծնողներուն յայտնել ապագայ երեխայի սեռը։ Այս նպատակով իշխանութիւնները նախքան փաստաթուղթը Ազգային ժողով ուղարկելը կ՚ուզեն լայնածաւալ քննարկումներ կատարել տեղական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.