Ճատրակ. Աշխարհի Խմբային Ախոյեանութիւն. Հայաստան Յաղթեց Եգիպտոսի. Ռուսիա Եւ Չինաստան Պարտուեցան
1106
0
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, երէկ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ մրցեցաւ Եգիպտոսի դէմ, արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` 3-1 արդիւնքով: Առաջին խաղատախտակին վրայ Սերկէյ Մովսիսեան հաւասարութիւն արձանագրեց: Ապա յաջորդաբար Վլատիմիր Յակոբեան` յաղթանակ, Գաբրիէլ Սարգսեան հաւասարութիւն, իսկ Տիգրան Պետրոսեան յաղթանակ: Լեւոն Արոնեան հանգիստ առած էր: Մինչ Գերմանիա, Ազրպէյճան եւ Ուքրանիա