ԵԳԻՊՏՈՍ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱԿԱՐԴԱԿԸ ԿԸ ՆՈՒԱԶԵՑՆԷ


Եգիպտոսի իշխանութիւնները, վերջին օրերուն, Թուրքիոյ դեսպան Հուսէյն Աւնի Պոթսալըն անբաղձալի մարդ յայտարարած են եւ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը նուազեցուցած։ Եգիպտոս այդ քայլը հիմնաւորած է այն հանգամանքով, որ Թուրքիան մշտապէս կը փորձէ միջամուխ ըլլալ Եգիպտոսի ներքին գործերուն։

Փերսոնա նոն կրաթա յայտարարուած դեսպանէն ալ պահանջուած է լքել Եգիպտոսը, իսկ Թուրքիոյ մէջ Եգիպտոսի դեսպանը տուն կանչուած է։

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պատր Ապտելաթի՝ յայտարարելով դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակի նուազեցման մասին ըսած է.«Անգարա կը փորձէ Եգիպտոսի շահերուն հակառակ հասարակական տրամադրութիւններ ստեղծել, ինչպէս նաեւ կը հովանաւորէ Եգիպտոսի մէջ անկայուն իրավիճակ ստեղծել ցանկացող կազմակերպութիւններ»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.