Պատերազմի սկիզբէն ի վեր 65 հայ սպաննուած է Սուրիոյ մէջ – ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԲՌՆԱՐԱՐՔՆԵՐԸ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՀԱՅ ԶՈՀԵՐ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԵՆ
Նոյեմբերի առաջին շաբաթներուն ընթացքին սուրիական հակամարտութիւնը պատճառեց շարք մը հայ զոհեր, ներառեալ երկու մանուկներ, որոնց կեանքերու կորուստը ցնցած է տեղւոյն հայ համայնքը։
11 նոյեմբերին, մինչ աշակերտները կ՚արձակուէին Դամասկոսի Պապ Թումա շրջանին մէջ գտնուող Ազգ. Ս. Թարգմանչաց ճեմարանէն հրասանդային ռումբ մը ինկաւ դպրոցի գլխաւոր դարպասին մօտ, մինչ երկու ուրիշներ հարուածեցին դարպասին մօտ կանգ առած դպրոցական երկու փոխադրակառքերը։ Արձանագրուեցաւ 5 զոհ եւ շուրջ 12 վիրաւոր։ Զոհերուն շարքին գտնուող երկու հայ աշակերտներն էին՝ առաջին դասարանի ուսանող Յովհաննէս Աթոքանեան եւ երրորդ դասարանի ուսանողուհի Վանեսա Միխօ Պետրոս։ Անոնց հուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ 13 նոյեմբերին, դպրոցէն քանի մը քայլ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Ս. Սարգիս հայկական եկեղեցւոյ մէջ։
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսը դատապարտեց յարձակումը՝ աւելցնելով, որ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքը թիրախի կը վերածուի։ Ան զոհերուն ընտանիքներուն ցաւակցութիւն յայտնեց։ Նոյեմբեր 17-ին Էջմիածինի Մայր տաճառին մէջ զոհերուն համար հոգեհանգիստ կատարուեցաւ։
Ըստ լրատուամիջոցներու, հայկական դպրոցին դէմ յարձակումին օրը հրասանդային ռումբ մը հարուածած է Դամասկոսի մէջ քրիստոնէական այլ դպրոց մը՝ Ս. Յովհաննէս Դամասկեցի, պատճառելով զոհ մը եւ աւելի քան 12 վիրաւոր։
12 եւ 13 Նոյեմբերին զինեալներ Պէյրութէն Հալէպ ճամբորդող փոխադրակառք մը Սուրիա մուտք գործելէն առաջ կանգնեցուցած են եւ կողոպտած ճամբորդները, որոնց մեծամասնութիւնը հայեր էին։
14 նոյեմբերին մէկ այլ հայ մը՝ 47-ամեայ Գէորգ Պօղոսեանը սպաննուած է, երբ հրասանդէ արձակուած ռումբ մը ինկած է Հալէպի կեդրոնը գտնուող փուռի մը մօտ։ Մէկ օր առաջ Հալէպի Վիլլաներ շրջանին դէմ կատարուած բուռն ռմբակոծումի մը պատճառով 5 հայեր վիրաւորուած էին, իսկ մէկ այլ հայ մը Դամասկոսի մէջ վիրաւորուած էր եւ Պապ Թումա թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Փարոս դպրոցը (Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կից) վնասուած էր։
Նոյեմբեր 18-ին բանակին պատկանող զօրանոցի մը ընդդիմադիր զինեալներու կողմէ ռմբակոծուման պատճառով շարք մը զինուորներ վիրաւորուած էին, ներառեալ հայ մը՝ Բաբգէն Պաղտատեանը, որ ներկայիս կը բուժուի։
Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր զոհուած են 65 հայեր, որոնցմէ 46-ը Հալէպի մէջ։ Վիրաւորներուն թիւը շուրջ 180 է։ Սուրիոյ բանակին մէջ ծառայող 15 հայեր սպաննուած են։ Ըստ «Ազդակ»-ի եւ iNews-ի շուրջ 110 հայեր առեւանգուած են եւ երկու ուրիշներ անյայտ կորած։