Թուրքիոյ Սպառնալիքները Պիտի Մղեն Աւստրալիան Ցեղասպանութեան Ճանաչման, կ՚ըսէ հոգեբան-պատմաբան Ռապըրթ Քափլան
Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալես նահանգի «Ուոլոնկանկ» համալսարանի դասախօսներէն փրոֆ. Ռապըրթ Քափլան յօդուած մը հրապարակած է «Օսթրելիըն» թերթին մէջ՝ անդրադառնալով Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ այս հարցին առնչութեամբ աւստրալիացի երեսփոխաններու հասցէին Թուրքիոյ կատարած սպառնալիքներուն։
Ըստ Քափլանի՝ Աւստրալիոյ մէջ հանդուրժողական կեցուածք կայ խօսքի ազատութեան նկատմամբ, բայց Թուրքիոյ սպառնալիքները կրնան միայն մօտեցնել այն թուականը, երբ Աւտրալիոյ դաշնակցային կառավարութիւնը եւս պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
«Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը գործածէ իր դեսպանատան ամբողջ ներուժը եւ արդէն իսկ «մաշած» հնարներ կը կիրարկէ՝ յարձակելով անոնց վրայ, որոնք կը համարձակին բարձրաձայն խօսիլ Ցեղասպանութեան ոճրագործութիւններու անարդարութիւններուն մասին», գրած է ան:
Յիշեցնենք, թէ անցեալ շաբաթ Թուրքիա դարձեալ ազդարարած էր աւստրալիացի խորհրդարանականները, որ հեռու մնան Հայկական Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումէն, եթէ Աւստրալիա չ՛ուզեր հարցականի տակ դնել Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները: Թուրքիա նաեւ պահանջած էր Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալես նահանգէն, որ ետ քաշէ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած բանաձեւը՝ ազդարարելով, թէ զայն ճանչցողները կրնան արտօնութիւն չստանալ մասնակցելու 2015ին Կալիփոլիի մէջ կայանալիք աւստրալիացի զինուորներու յիշատակի հարիւրամեայ միջոցառման։ Ազդարարութիւնը կատարած էր Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք, իսկ անոր խստօրէն հակադարձած էր Նոր Հարաւային Կալեսի վարչապետ Պերի Օ՛Քերըլը, ցաւ յայտնելով, որ Կալիփոլիի պատերազմին ընթացքին զոհուած զինուորներու յիշատակը կը շահագործուի քաղաքական նպատակներով։