Պոլսոյ Մէջ Մուշի Հայկական Մշակոյթին Նուիրուած Գիտաժողով
1578
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ Շիշլի թաղամասի Սուրբ Վարդանանց հայկական եկեղեցւոյ հանդիսութիւններու «Շիրինօղլու» սրահին մէջ, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 15ին տեղի ունեցած է «Մուշի հայկական մշակոյթի հետքերը» խորագիրով գիտաժողով մը:
Ըստ թրքական «bianet.org» լրատուական կայքին՝ գիտաժողովը կազմակերպուած է Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համերաշխութեան միութեան (ՀԱՅՃԱՐ) կողմէ:
Գիտաժողովի մասնակիցները իրենց ուսումնասիրութիւններով եւ առկայ փաստերուն միջոցով լուսաբանած են Հայկական Ցեղասպանութենէն ետք Մուշի մէջ հայկական կառոյցներու աւերման պատմութիւնը: