Իսլամացած Հայեր Հայերէն Կը Սորվին Տիգրանակերտի Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Իսլամացած հայեր Տիգրանակերտի (Տիարպեքիր) Սուր քաղաքի քաղաքապետարանին կողմէ նախաձեռնուած հայերէնի դասընթացքներուն մասնակցելով՝ վերսկսած են իրենց մայրենի լեզուն սորվելու: Թրքական «Թարաֆ» թերթը կը գրէ, թէ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին 66 իսլամացած հայեր կրցած են հայերէն սորվիլ:
2012ին բացուած լեզուի դասընթացքները իրականացած են երկու հանգրուանով՝ իւրաքանչիւրը երեք ամիսով: Ցարդ դասընթացքներուն մասնակցած է 67 հոգի, որոնցմէ միայն մէկը հայ չէ:
Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ հիմնարկի ղեկավար Կաֆուր Թուրքայ նշած է, որ լեզուի դասընթացքներուն մասնակցածներուն մեծ մասը իր հայկական ինքնութիւնը բացայայտած է վերջերս: Թուրքայ պատմած է, որ դասընթացքներուն մասնակցած են տանտիկիններ, աշակերտներ, տարբեր մասնագիտութեանց տէր մարդիկ՝ ծառայողներ, բանուորներ, բժիշկներ:
Թուրքայ, որուն հայկական մականունը Օհանեան է, իր հայակական ծագումին մասին իմացած է 15 տարեկան հասակին: Սիւննիական աւանդոյթներով մեծցած ըլլալով՝ ան ինքզինք կը նկատէ «սիւննի իսլամ հայ»: Ան ներկայիս իր երկու երեխաներուն հետ հայերէնի դասընթացքներու կը մասնակցի: Թուրքայ կ՛ըսէ. «Տարբեր պատճառներով չենք կրցած սորվիլ մեր լեզուն, սակայն միշտ լեզուին տիրապետելու փափաք ունեցած ենք: Զաւակներս ալ ոգեւորուած են՝ իրենց մայրենի լեզուն սորվելով: Ես հայ եմ եւ չեմ կրցած ապրիլ իմ լեզուով, աւանդոյթներով, սովորութիւններով, մշակոյթով: Կարօտախտով լեցուած եմ այս բոլորին հանդէպ: Մեծ ոգեւորութիւն եւ զգացումներու կուտակում կայ: Երեք սերունդ ետք լեզուս սորվելու առիթ ունեցայ եւ այդ մէկը մեծ երջանկութիւն է»:
Հայերէն սորվող Ֆրաթ անունով այլ հայ մը, որ չէ փափաքած իր մականունը տալ, իր ոգեւորութիւնը յայտնած է, թէ 20րդ դարու սկիզբի ոճրագործութենէն գրեթէ 100 տարի անց, հայոց լեզուն սորվելու առիթ մը ունի: «Սորվիլը դիւրին չէր, սակայն ներկայիս արդէն իսկ հայերէնով ստորագրութիւն կրնամ ընել», ըսած է ան: Ան պատմած է, որ իր հայկական ինքնութեան մասին տեղեակ եղած է մանուկ հասակէն:
Սուր քաղաքի հայոց լեզուի դասընթացքները կը վարէ հայկական համայնքի հիմնարկէն կամաւոր ուսուցիչ Ֆիքրի Չալըշը:
Սուր քաղաքի քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշ յայտնած է, որ նման դասընթացքներու իրականացումը շարունակական պիտի ըլլայ, ու ցանկութիւն յայտնած է ապագային նաեւ ասորերէնի դասընթացքներ իրականացնելու:
Միւս կողմէ, «Մարմարա» իր Նոյեմբեր 15ի թիւով կը տեղեկացնէ, թէ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Նուրսել Այտողան խորհրդարան յղած է դիմումնագիր մը՝ պահանջելով Տիարպեքիրի ու զանազան գաւառակներու անունները վերադարձնել իրենց նախկին անուններուն ու Տիարպեքիրը պաշտօնապէս վերակոչել Ամետ։
«Լրատուութեան մէջ կայ նախադասութիւն մը, որ յայտնապէս սխալի մը արդիւնք է։ Այտողան ուզած է, որ Տիարպեքիրի Սուր գաւառակը վերադարձուի իր հայերէն «Տիգրանամետ» անուան։ «Տիգրանամետ»ը չի կրնար հայերէն անուն ըլլալ. Տիարպեքիրի հայերէն անունը «Տիգրանակերտ» է», կը գրէ «Մարմարա»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.