Մուսա Լերան Հերոսամարտի Ֆիլմին նկարահանումը խափանելու Թուրքիոյ Ջանքերը Պիտի Քննուին Հայ Դատի Խորհրդաժողովին Ընթացքին
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Մուսա լերան 40 օրերը» գիրքը շարժապատկերի վերածելու յայտնի բեմադրիչ Ռուբէն Մամուլեանի ջանքերը եւ զանոնք ձախողութեան մատնելու նպատակով Թուրքիոյ իշխանութեանց եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան գործակցութիւնը պիտի ըլլան բեմադրիչներ Էտվին Աւանէսի ու Սերժ Մինասեանսի կողմէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած խորհրդաժողովին ներկայացուելիք քննարկումին կիզակէտը:
Խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Գոհաբանութեան տօնի շաբաթավերջին:
Այս ներկայացումով եւ իրենց «Epic Denied» («Ուրացուած Դիւցազներգութիւնը») ֆիլմին մասին խօսելով՝ Աւանէս եւ Մինասեանս լուսարձակի տակ պիտի առնեն ամերիկեան եւ թրքական իշխանութեանց կողմէ շարժապատկերի արտադրութեան «Էմ.Ճի.Էմ.» ընկերութեան վրայ ճնշումները, որոնք կասեցուցին Վրանց Վերֆելի վէպը շարժապատկերի պաստառին հասցնելու փորձերը:
«Հայ Դատի խորհրդաժողովին ընթացքին, Էտվինի եւ Սերժի ներկայութիւնը լոյս պիտի սփռէ ամերիկահայ իրականութեան մէջ այս կարեւոր միջադէպին վրայ ու ցոյց պիտի տայ, թէ թրքական իշխանութիւններն ու Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ինչպիսի քայլերու դիմած են՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով», կը յայտնէ խորհրդաժողովի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Արա Խաչատրեան, որ ֆիլմին դէմ դաւադրութիւնը կը կապէ Ցեղասպանութեան որբերու գորգը չցուցադրելու Սպիտակ տան որոշումին՝ նշելով, թէ այդ մէկը ցոյց կու տայ, որ ուրացման արշաւը նոյն ընթացքով կը շարունակուի:
Էտվին Աւանէս շարժապատկերի մարզին մէջ մասնագիտացած է «Նորթուեսթըրն» համալսարանին ու Քալիֆորնիոյ համալսարանի Սանթա Քրուզի մասնաճիւղին մէջ: Ան Միացեալ Նահանգներու Արմին Թի. Վեկնըր ընկերակցութեան վարչութեան անդամ է՝ վառ պահելով 20րդ դարու այդ մարդասէրին գաղափարները, նաեւ համահիմնադիրներէն մէկն է Վենկըրի անուան մարդասիրական տարեկան մրցանակին, որ կը շնորհուի ընկերային եւ մարդկային իրաւանց պաշտպան բեմադրիչներու: Աւանէս աշխատած է շարք մը ծրագիրներու վրայ, ներառեալ՝ «My Dark Days»ը (2001), Հայաստանի մէջ ամբողջութեամբ հայ դերասաններով ու անձնակազմով նկարահանուած «The Journey»ն (2002), աւելի քան 10 փառատօներու ընթացքին ցուցադրուած ու մրցանակներ շահած վաւերագրական «Tabriz: Images from the Forgotten World»ը (2006), մարդկային իրաւանց հարցեր լուսարձակի տակ առնող «Virginty»ն (2013) եւ իրական պատմութեան վրայ հիմնուած ու Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան համակարգին մէջ խտրականութեանց առնչուող «Damn Foreigners»ը (2014):
Սերժ Մինասեանս շարժապատկերի իր մասնագիտութիւնը ստացած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղէն, ուր անոր աւարտական ֆիլմը եղած է «Stream of Social Intercourse»ը (1990), որ մրցանակակիր դարձած է շարժապատկերի վեց փառատօներու ընթացքին: Ան գործօն անդամներէն մէկն է Հայկական շարժապատկերի ընկերակցութեան, ինչպէս նաեւ Շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի «Արփա» հիմնարկի վարչութեան անդամ է: Մինասեանս նաեւ անդամ է հայկական պատմական կոթողներ վերանորոգելու աշխատանք տանող «Երկիր եւ մշակոյթ» միջազգային կազմակերպութեան վարչութեան:
Մինասեանսի գործերէն են՝ «Երկիր եւ մշակոյթ» կազմակերպութեան համար աշխատանք տանող կամաւորներուն նուիրուած վաւերագրական «Beyond Commitment»ը (1995), Արամայիս Յովսէփեանի կարճ պատմուածքին վրայ հիմնուած եւ երիտասարդ բանաստեղծի մը ուրախութեան փնտռտուքին նուիրուած «Golden Rose»ը (2001) եւ «The Journey»ն (2002), որուն անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած է Միլանի շարժապատկերի միջազգային փառատօնին ընթացքին ու շահած Հանդիսատեսներու մրցանակը:
Ներկայիս, Աւանէս ու Մինասեանս կ՛աշխատին վերոյիշեալ՝ «Epic Denied: Depriving the Forty Days of Musa Dagh» վաւերագրական ֆիլմին վրայ, որ նուիրուած է Վերֆելի վէպը շարժապատկերի պաստառին հասցնելու եւ անոր դէմ ամերիկեան ու թրքական ջանքերուն:
Աւանէս ու Մինասեանս ելոյթ պիտի ունենան Հայ Դատի խորհրդաժողովի «Շարժապատկեր եւ արուեստներ» քննարկումին ընթացքին, որուն պիտի մասնակցին նաեւ Սեպուհ Սիմոնեան, Պարէտ Մարոնեան, Վահէ Պէրպէրեանը, իսկ համադրողն է Արամ Գույումճեան:
Հայ Դատի խորհրդաժողովին արձանագրուելու համար, այցելել itsmyseat.com/ANCAWR կայքէջը կամ դիմել (818) 500-1918 թիւին: Խորհրդաժողովին ու անոր զուգահեռ կազմակերպուած եւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 30ին կայանալիք Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, այցելել Facebook.com/ANCAWesternRegion կայքէջը կամ ancawr.org կայքը: