Դամասկոսի մէջ Ս. Թարգմանչաց վարժարանի հանրակառքը հրթիռակոծուած – Զոհուած է հայ աշակերտ մը


 

 

Դամասկոսի Պապ Շարքի կամարին մօտ գտնուող Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կից Ազգային Ս. Թարգմանչաց ճեմարանի աշակերտներու արձակումի պահուն, ճեմարանի դրան առջեւ գտնուող փոխադրակառքին կողքը ինկած հրթիռի մը բեկորները պատճառած են զոհեր եւ տասնեակ մը վիրաւորներ, որոնց մեծ մասը աշակերտներ են: Զոհերու շարքին է հայ աշակերտ մը, իսկ վիրաւորներուն մէջ կան քանի մը հայ աշակերտներ, որոնք հիւանդանոց փոխադրուած են՝ համապատասխան դարմանում ստանալու համար։ Այս մասին կը յայտնէ “Դամասկահայ լրատու” էջը։

Դամասկոսի Ազգային Միացեալ վարժարանը Նոյեմբեր 12-ը  յայտարարած է սուգի օր՝ ի յարգանք Ազգային Սրբ Թարգմանչաց ճեմարանին պատահած տխուր դէպքին:

Լուսանկարը՝ վարժարանի մուտքը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.