ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒՄԸ ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ
Իւմիթ Քուրթ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին հայկական կալուածներու գրաւման օրէնքներուն եւ կանոններուն մասին կը յայտնէ, որ Օսմանեան եւ հանրապետական ժամանակաշրջաններուն որդեգրուեցան շարք մը օրէնքներ եւ հրամանագրեր, որոնք ծանօթ են Լքեալ կալուածներու օրէնքներ (Էմվալ-ի Մեթրուքէ Քանունլարը) անունով։ Անոնցմէ ամէնէն հանրածանօթը նախարարաց խորհուրդի համապարփակ հրամանագիրն է, որ հրապարակուած է 30 մայիս 1915-ին։ Ներքին գործոց նախարարութեան Ցեղախումբերու եւ գաղթականներու վերաբնակեցման տնօրէնութիւնը (Իսքան-ը Աշաիր վէ Մուհաճիրին Միւտիրիյէթի) յաջորդ օր զայն 15 յօդուածներու տակ համախմբելով ուղարկած է առնչակից նահանգներուն։ Հրամանագիրը կը ներկայացնէր այն հիմնական սկզբունքները, որոնց հիմամբ բոլոր տեղահանումներն ու վերաբնակեցումները տեղի պիտի ունենային։ Ամէնէն կարեւոր կէտը, որ հայկական կալուածներուն կը վերաբերէր այն էր, որ այդ կալուածներուն համարժէքը տեղահանուածներուն պիտի տրուէր։
30 մայիսի հրամանագիրին եւ 31 մայիսի կանոնի կարեւորութիւնը այն է, որ անիկա հայերու վերաբնակեցման սկզբունքները եւ անոնց ինչքերուն համարժէքի ապահովման սկզբունքները կը ճշդեր, սակայն այդ մէկը երբէք տեղի չունեցաւ։ Փոխարէնը, օրէնքներն ու հռչակագիրները սկսան զբաղիլ միայն մէկ հարցով՝ հայերու կողմէ լքուած կալուածներու բռնագրաւումով։
10 յունիս 1915-ին, որդեգրուեցաւ 34 յօդուածներէ բաղկացած օրէնք մը, որ մանրամասն կերպով կը ճշդեր, թէ հայերու կողմէ լքուած կալուածներն ու ինչքերը ինչպէս պետութեան կողմէ պիտի գրաւուին։ Նշեալ օրէնքը հիմք ծառայեց ստեղծելու օրէնսդրական համակարգ մը, որ կը ծառայէ հայերու կեանքի նիւթական պայմաններու ջնջման, որովհետեւ հայերէն կը խլէր իրենց սեփականութիւնները իրենց տրամադրութեան տակ ունենալու իրաւունքէն։
Հայերու մշակութային եւ տնտեսական հարստութիւնները գրաւելու ամէնէն կարեւոր քայլերը 26 սեպտեմբեր 1915-ի եւ 8 նոյեմբեր 1915-ի յաջորդաբար 11 յօդուածներէ եւ 25 յօդուածներէ բաղկացած օրէնքներն էին։ Վերջինս առաջինին կիրակման ձեւը կը ճշդէ։ 26 սեպտեմբեր 1915-ի օրէնքը ծանօթ է Լուծարման օրէնք (Թասֆիյէ Քանունու) անունով, որովհետեւ անոր նպատակը հայկական կալուածներու լուծարումն էր։
Ան կը նշէ, որ հայերու կալուածներու մեծամասնութիւնը բաժնուեցաւ օրին պալքաններէն եւ Կովկասէն ժամանած իսլամ գաղթականներու։ Կեդրոնական ու տեղական իշխանութեանց անդամներ, ինչպէս նաեւ Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութենէն դիւանակալներ եւս հայկական կալուածներէն օգտուեցան։
Ան կ՚ընդգծէ, որ հակառակ թալանի եւ փտածութեան անհատական մակարդակի դէպքերուն, կասկած չկայ, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կալուածներու գրաւումը առաջին հերթին պետական ղեկավարութեամբ հոլովոյթ մըն էր, որ մօտէն կ՚առնչուի Հայոց ցեղասպանութեան։ Բայցեւայնպէս, տեղական բնակչութեանց հայկական կալուածներու գրաւումէն օգտուիլը ծառայեց յանցանքը տարածելու, ինչպէս նաեւ Միութիւն եւ Յառաջդիմութիւն կուսակցութեան հայերու դէմ քայլերը օրինականացնելու։
1926-ին Թուրքիոյ հանրապետութեան հաստատումէն ետք, Թուրքիոյ խորհրդարանը որդեգրեց օրէնք մը, որ ուժի մէջ մտած է 27 յունիս 1926-ին։ Ըստ այս օրէնքին, թրքական կառավարութեան անդամներ, քաղաքագէտներ եւ դիւանակալներ, որոնք հայերու տեղահանման մէջ իրենց դերակատարութեան համար մահապատիժի ենթարկուած էին կամ դաշնակցականներու կողմէ սպաննուած էին «ազգային հերոսներ» կը հռչակուին, եւ հայերու այսպէս կոչուած լքուած կալուածները անոնց ընտանիքներուն կը տրուին։
Եւ վերջապէս 1928-ին, թրքական հանրապետութիւնը նոր օրէնք մը որդեգրեց, որ հայերու կալուածները օգտագործող իսլամ գաղթականներուն իրաւունք կու տար կալուածագրերը ունենալու այդ կալուածներուն, որոնց շարքին էին տունէր, հողեր, արտեր եւ խանութներ։
Իւմիթ Քուրթ կ՚եզրակացնէ, որ հայերու կալուածներու գրաւման ամբողջ հոլովոյթը կարելի է գնահատել եւ նկատի ունենալ թէ գաղափարախօսական սկզբունքի մը եւ թէ տնտեսական դրդապատճառներու հիմամբ։ Ըստ անոր, այդ երկուքը կարելի չէ իրարմէ անջատել։