Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հանդիպումները Օթթաուայի մէջ
1602
0
Նոյեմբեր 5-ին եւ 7-ին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան Օթթաուայի մէջ յաջորդաբար հանդիպում ունեցաւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ տոքթ. Հարըլտ Ալպրէխթի եւ խմբակցութեան փոխ-նախագահ Ճիմ Գարիճիանիսի հետ։
Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին գծով Գանատայի մէջ պաշտօնական կարգ մը հանդիսութիւններ կազմակերպելու կարելիութիւնները։ Կողմերը նաեւ քննարկեցին մօտ ապագային խմբակցութիւնը հրաւիրելու նոր տարեշրջանի իր գլխաւոր նիստին։