Ըստ Արընչի՝ Թուրքիա «Հայկական Պնդումներ»ուն Դէմ Շատ Լուրջ Աշխատանք Կը Տանի
1506
0
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5ին, 2014 թուականի պետական ամավարկի քննարկումին նուիրուած ժողովէն ետք պատասխանեց լրագրողներու այլազան հարցումներուն: Հարցումներէն մէկը կը վերաբերէր Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին «հայկական պնդումներ»ուն դէմ Թուրքիոյ պատրաստութիւններուն։
Արընչ այս հարցին անդրադառնալու ընթացքին ըսաւ, որ հայկական պնդումներուն դէմ շատ լուրջ աշխատանք կը տարուի ներկայիս։ Ըստ անոր՝ այս աշխատանքը աշխարհի բոլոր երկիրներու հանրային դիւանագիտութեան վրայ ազդեցութիւն պիտի գործէ, եւ վարչապետարանին մէջ յատուկ մարմին մը այս նիւթով կը զբաղի։ Արընչ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չտուաւ այս առնչութեամբ։